Հաւանաբար Եղեւնիի եւ Սոճիի կոներուն մասին չենք լսած, իրականութեան մէջ անոնք ամբողջ տարին կ’ապահովեն ձեր ընտանիքին առողջութիւնը, եթէ իմանաք անոնց օգտագործման ձեւը:
Անոնք օժտուած են բուժիչ յատկութիւններով: Կանաչ կոները կը պարունակեն մարմինին համար կարեւոր իւղեր, կենսանիւթեր, երկաթ, մակնիզիում եւ այլն:
Ե՞ՐԲ ՊԷՏՔ Է ՔԱՂԵՆՔ ԿՈՆԵՐԸ
Շատեր կը կարծեն, որ կոները քաղելու լաւագոյն ժամանակը 21-25 Յունիսն է: Ուրիշներ կը հաստատեն, թէ 30 Մայիսէն 20 Յունիսի մէջ ինկած ժամանակահատուածն է: Երիկամային քարերէն ձերբազատելու համար, զորօրինակ, կարելի է կաթսայի մը մէջ լեցնել կանաչ կոները եւ ջուրը աւելցնել այնքան, որ ծածկէ զանոնք: Եռացնել 5 վայրկեան, ձգել որ պաղի, քամել եւ խմել օրական 3 անգամ՝ 1/3 բաժակ, ուտելէ ետք: Բուժման ընթացքը 3 շաբաթ է: Հազէն ձերբազատելու համար անհրաժեշտ է կոները հաւաքել 15 Մայիսէն մինչեւ 15 Յունիսի միջեւ ինկած ժամանակահատուածին: 59-60 կոնի վրայ 2 լիթր ջուր լեցնել, եռացնել եւ եփել 2 ժամ մարմանդ կրակի վրայ, աւելցնել 2 քիլօ շաքար ու եռացնել 1, 5 ժամ եւս ցած կրակի վրայ: Այս անուշը պէտք է օգտագործել ճաշի մէկ դգալի չափով, օրական երեք անգամ, կերակուրէն 10 վայրկեան առաջ:
ՄԱՐՄՆԻ ԴԻՄԱԴՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿՈՆԵՐԸ
Անհրաժեշտ է հաւաքել 1 քիլօ հասուն կոն, բաժնել իւրաքանչիւրը չորս մասի, դնել կաթսայի մէջ, վրան աւելցնել 3 լիթր ջուր: Մարմանդ կրակի վրայ եփել մինչեւ որ կոները փափուկնան, ապա քամել եւ վրան աւելցնել 1քիլօ շաքար ու հասցնել զայն եռացման աստիճանի: Այս անուշը լեցնել ապակեայ շիշի մէջ, վրան աւելցնել քանի մը դգալ կիտրոնի հիւթ: Այս զանգուածը կը բարձրացնէ հիմոկլոպինի մակարդակը եւ կը զօրացնէ մամինին դիմադրողականութիւնը: