Բաղադրութիւն
1/2 քիլօ ճերմակ խաղող (պահածոյ)
1/2 քիլօ կարմիր խաղող (պահածոյ)
1/2 քիլօ  արքայախնձոր (անանաս)
1/2 քիլօ մանկա
Պատրաստութիւն
Ափսէի մը վրայ ծառի ձեւով շարել խորանարդաձեւ կտրտուած արքայախնձորին շերտերը: Ետքը նոյն ձեւով շարել ճերմակ խաղողները, բայց երկու կողմերէն նուազեցնելով քանակը:
Երրորդ կարգը շարել խորանարդաձեւ կտրտուած մանկաները:
Այսպիսով կարգը կրնանք կրկնել երկու կամ երեք անգամ, կողմերէն նուազեցնելով քանակը, մինչեւ որ հասնինք ծառի կատարին: Խաղողներուն վրայ կրնանք զարդարել բոյսերով, իսկ ծառին կատարը՝ կանաչ տերեւներով:
Բարի՛ ախորժակ: