ՀԱՅԿԱԿԱՆ

ՀՀ 2021-Ի 10 ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՒ ՅԱՒԱԿՆՈՐԴՆԵՐԸ
ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզինախարարութիւնը ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան ընթացիկ տարուան՝ 2021-ի «Տարուան 10 Լաւագոյն Մարզիկներ» մրցոյթին մասնակցող մարզիկներուն անուանացանկը:
«Տարուան 10 Լաւագոյն Մարզիկներ» մրցոյթի ընտրութիւնը տեղի կ’ունենայ 21 Դեկտեմբերին:
Լաւագոյն տասը մարզիկներու տիտղոսին կը յաւակնին հետեւեալ մարզիկները.
Ալեքսանեան Արթուր՝ յունահռոմէական ըմբշամարտ
Աղաջանեան Արամ՝ սամպօ
Ամոյեան Մալխաս՝ յունահռոմէական ըմբշամարտ
Աւագեան Կարէն՝ ծանրաբարձութիւն
Պաչքով Յովհաննէս՝ բռնցքամարտ
Գալստեան Սլաւիկ՝ ծանրաբարձութիւն
Գասպարեան Սամուէլ՝ ծանրաբարձութիւն
Գիւրճեան Լիանա՝ ծանրաբարձութիւն
Դանիէլեան Էլինա՝ ճատրակ
Դաւթեան Արթուր՝ մարմնամարզութիւն
Լալայեան Վարազդատ՝ ծանրաբարձութիւն
Կարապետեան Անդրանիկ՝ ծանրաբարձութիւն
Յակոբեան Արթուր՝ սամպօ
Յարութիւնեան Արսէն՝ ազատ ոճի ըմբշամարտ
Մարտիրոսեան Արսէն՝ ծանրաբարձութիւն
Մարտիրոսեան Սիմոն՝ ծանրաբարձութիւն
Մերջանեան Մհեր՝ սամպօ
Մինասեան Գոռ՝ ծանրաբարձութիւն
Մկրտչեան Յակոբ՝ ծանրաբարձութիւն
Մկրտչեան Ռուտիկ՝ յունահռոմէական ըմբշամարտ
Մնացականեան Արմէն՝ սամպօ
Չալոյեան Դաւիթ՝ բռնցքամարտ:
ԻՐ ՄԱՀԿԱՆԱՑՈՒՆ ԿՆՔԱԾ Է ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏԻԿ ԲԱԳՐԱՏ ՕՀԱՆԵԱՆ
Երկարատեւ հիւանդութենէ ետք իր մահկանացուն  կնքած է Եւրոպայի պատանիներու եւ երիտասարդներու աշխարհի ախոյեան, բռնցքամարտիկ Բագրատ Օհանեանը:
«Բռնցքամարտի Հայաստանի Դաշնութիւնը ցաւակցութիւն կը յայտնէ Օհանեանի մահուան առիթով եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ բռնցքամարտիկի ընտանիքի անդամներուն ու հարազատներուն», ըսուած է Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնամարզի Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Բռնցքամարտիկ Բագրատ Օհանեան յաղթանակ արձանագրած է 250 սիրողական եւ 11 արհեստավարժ մրցումներու: Ան 1999-ին՝ աշխարհի երիտասարդներու լաւագոյն բռնցքամարտիկը հանդիսացած է:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

ՓԱՐԻԶԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
ՏԵՂԻ Կ’ՈՒՆԵՆԱՅ ՍԵՆ ԳԵՏԻՆ ՎՐԱՅ
Ֆրանսական «Ֆիկարօ» պարբերականը կը հաղորդէ, որ Փարիզի 2024 թուականի Ողիմպիական խաղերու բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեն գետին վրայ:
Ըստ պարբերականին, բացման արարողութեան պիտի մասնակցի շուրջ 600 հազար երկրպագուներ: Խումբերը բացման արարողութեան ընթացքին յատուկ նաւակներով պիտի անցնին գետին ամբողջ երկայնքով: