“Էրմէնիհապեր”._Քրտամէտ «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական» կուսակցութենէն (ԺԴԿ-HDP) ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման նոր շրջափուլի մեկնարկին։ Ան կարծիք յայտնած է, որ քաղաքական կամքի եւ ցանկութեան առկայութեան պարագային Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումը կրնայ աւելի արագ տեղի ունենալ, քան ակնկալուածը։ Փայլան յայտարարած է, որ այդ գործընթացին մէջ եւ՛ Թուրքիոյ, եւ՛ Հայաստանի, եւ՛ Ատրպէյճանի քաղաքական գործիչները պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնեն։ Շեշտած է, որ ինքը՝ իբրեւ Թուրքիոյ պատգամաւոր, նոյնպէս պատրաստ է ստանձնելու որեւէ պատասխանատուութիւն։ Պատգամաւորը խիստ կարեւոր եւ պատմական որակած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Հայաստանի ԱԳՆ-ի յայտարարութիւնները։ Ան ընդգծած է յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհային քարտէզին վրայ աշխատելու կարեւորութիւնը։ Փայլան դիտել տուած է, որ երկու ժողովուրդներու եւ երկու պետութիւններու միջեւ առկայ նախապաշարումները շատ դիւրաւ կրնան վերանալ, որովհետեւ երկու ժողովուրդները ապրած են միասին հարիւրաւոր տարիներ։ Անոր գնահատումին համաձայն, կարեւոր քայլ է եւ՛ Հայաստանի օդային ընկերութեան, եւ՛ Թուրքիոյ օդային ընկերութեան ուղիղ թռիչքներ իրականացնել սկսիլը։ «Կը կարծեմ, որ անոր պէտք է անպայման հետեւի տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը։ Հետեւաբար անհրաժեշտ է, որ անպայման բացուի սահմանը», ընդգծած է Փայլան եւ աւելցուցած է, որ երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պէտք է հաստատուին, փոխադարձ դեսպանութիւններ բացուին եւ դեսպաններ նշանակուին։