“Երկիր”._«Երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչները մօտիկ ապագային կրնան հանդիպիլ», յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Անգարայի մէջ Մալիզիոյ արտաքին գործոց նախարար Սայֆուտտին Ապտուլլահի հետ բանակցութիւններէն վերջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։ «Յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը սկսելու համար մենք յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակած ենք․ մօտիկ ապագային անոնք բանակցութիւններ պիտի վարեն», ըսած է Չաւուշօղլուն՝ չյստակացնելով յառաջիկայ հանդիպումին մանրամասնութիւնները։