“Երկիր”._Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը չի գոհացներ այն իրողութիւնը, որ Եւրոմիութիւնը աւելի շատ միջոցներ կը յատկացնէ Հայաստանին օգնելու համար, քան Ատրպէյճանին։ Այս մասին 20 Դեկտեմբերին REGNUM-ի թղթակիցին յայտնած է համաշխարհային տնտեսութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկի Կովկասի բաժինի գլխաւոր գիտաշխատող Ալեքսանտր Քռիլովը: Ատրպէյճանէն զգալի միջոցներ կը պահանջուին հակամարտութեան գօտիին ատրպէյճանցի փախստականներ վերաբնակեցնելու համար։ Ուստի, ըստ փորձագէտին, հասկնալի է, որ Ալիեւ անարդար կը համարէ ԵՄ օգնութեան բաշխումը եւ կը փափաքէր, որ եւրոպական տնտեսական մուտքերը հաւասարապէս բաշխուէին Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին միջեւ։ «Բայց ԵՄ-ը, ինչպէս որեւէ միջազգային կազմակերպութիւն, նկատի կ’առնէ Ատրպէյճանին այդ հարցերը ինքնուրոյն լուծելու կարելիութիւնները եւ Հայաստանին կարելիութիւնները։ Աւելին՝ Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղի մասին հանդէս եկած է որպէս արտաքին խաղացող, իսկ ղարաբաղեան տարածքը միջազգային հանրութեան կողմէն իրաւաբանօրէն ճանչցուած է որպէս Ատրպէյճանի տարածք։ Ուստի Հայաստան ունի խիստ սահմանափակ կարելիութիւններ՝ օգնելու հայ բնակչութեան թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական առումով, հետեւաբար կարելի չէ համեմատել զանոնք Ատրպէյճանի կարելիութիւններուն հետ։ Եւ զարմանալի չէ, որ ԵՄ-ը Ղարաբաղի բնակչութեան հայկական հատուածը կը համարէ ամենախոցելին ու անպաշտպանը, եւ անոր պէտք է շատ աւելի օգնել, քան ատրպէյճանցիին», ըսած է փորձագէտը։