«Էրմէնիհապեր».-Սթանպուլի Շիշլի շրջանի նախկին քաղաքապետ,«Թուրքիոյ Փոխոխութեան Շարժում» կուսակցութեան ղեկավար Մուսթաֆա Սարըկիւլ անդրադարձած է Թուրքիոյ տնտեսական ճգնաժամին եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու նիւթին: Այդ մասին ան խօսած է կուսակցութեան հիմնադրումի 1-ին տարեդարձին առիթով կազմակերպուած նախաձեռնութեան մասին: Թուրք յայտնի քաղաքական գործիչը յայտնած է, որ Թուրքիան այժմ ծանր տնտեսական իրավիճակի մէջ է եւ յստակ չէ, թէ վաղը ինչ կը սպասուի այդ երկրին: Անոր խօսքին համաձայն, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հարցերու լուծման համար կարեւոր ազդեցութիւն ունեցած է իրենց կուսակցութիւնը: «Թուրքիոյ Փոխոխութեան Շարժում» կուսակցութիւնը այն ուժն է, որ խաղաղութիւն կ’ապահովէ մեր բոլոր դրացիներուն հետ», ըսած է Սարըկիւլ: