“Էրմէնիհապեր”._Թուրքիոյ իշխանամերձ «Demirören» մետիահոլտինկի կազմին մէջ մտնող «CNN Turk» լրատուակայքին վրայ յօդուած հրապարակուած է «Զանգեզուրի միջանցքի»ն մասին: Ներկայացուած է գործարկուելիք երկաթուղիի երթուղին եւ նշուած է, թէ իբրեւ «միջանցք» նախատեսուած է 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայատարարութեամբ։ Այնուհետև շեշտուած է «միջանցքի» նշանակութիւնը Հայաստանի ու Թուրքիոյ համար։ «Զանգեզուրի միջանցքը Հայաստանի համար ելք կ’ապահովէ իր իսկ դրսեւորած աշխարհաքաղաքական պաշարումէն: Աշխարհաքաղաքական կարելիութիւն կ’ընձեռնէ (Հայաստանին-խմբ.) Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանին հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու պարագային օգտուելու Կովկասի մէջ հասունացող գործընթացներէն»: Յօդուածին մէջ թուարկուած են բոլոր կարելի զարգացումները, որոնք կրնան յաջորդել «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացումին։ Ըստ այդմ, պիտի մեծնայ թրքական աշխարհին հետ Հայաստանի գործակցութիւնն ու առեւտուրը, կարելի պիտի դառնայ Միջին Ասիա անարգել երթալը, ներդրումներ պիտի կատարուին պատմական Մետաքսեայ ճանապարհի աշխուժացման համար։ Նշենք, որ պաշտօնական Երեւանը քանիցս հերքած է «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման մտադրութեան մասին տարատեսակ տեղեկութիւնները։ «Միջանցքային տրամաբանութիւնը ընդունելի չէ հայկական կողմին համար», Սեպտեմբերին յայտարարած էր ՀՀ վարչապետի մամուլի խօսնակը։