“Երկիր”._Իրանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի տարածքէն փորձնական վարչակարգով գործարկութեան դրուած է նոր երթեւեկային միջանցք, որ Պարսից ծոցը կը միացնէ Սեւ ծովին, գրած է IRNA-ն։ Միջանցքի գործարկութեան նուիրուած նախաձեռնութեան մասնակցած են Ատրպէյճանի, Իրանի եւ Վրաստանի պաշտօնեաներ։ «Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ եւ Հնդկաստանի երկիրներու այս միջանցքին կապը Արեւելեան եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հետ կ’ընդլայնէ ցամաքային երթեւեկային կապը տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ։ Նախատեսուած է փոխադրել 20 մլն թոն բեռ։ 20-ամեայ ժամանակաշրջանին նախատեսուած է հասնիլ տարեկան 50 մլն թոն բեռի փոխադրութեան», ըսած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ճանապարհներու եւ երթեւեկի կազմակերպութեան միջազգային տարանցումի եւ երթեւեկի վարչութեան գլխաւոր տնօրէն Ճաւատ Խետայաթին։ . Խետայաթին յայտնած է, որ միջանցքի գործարկութիւնը նպատակաուղղուած է տնտեսական եւ երթեւեկային կապերու զարգացման՝ աւելցնելով, որ փորձնական վարչակարգով բեռնափոխադրումներու աւարտէն վերջ այս հարցի մանրամասնութիւններուն շուրջ տեղի պիտի ունենայ եռակողմ հանդիպում եւ համաձայնութիւն ըլլայ կողմերու միջեւ փոխադրումը դիւրացնելու համար: