“Արմէնփրէս”._Վերջին օրերուն Հայաստանի մէջ գտնուող Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու, Փարիզի Իլ տը Ֆրանս շրջանի ղեկավար Վալերի Փեքրես այցելած է Արցախ, որուն առիթով Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը կանչուած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն (ԱԳՆ)։ Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի մէջ ֆրանսայի դեսպանին գիր յղած են, որուն համաձայն, Ֆրանսայի քանի մը քաղաքացիներու եւ Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու Վալերի Փեքրեսի անունները, որոնք այցելած են Արցախ, ներառուած են այն անձերու ցուցակին մէջ, որոնց մուտքը Ատրպէյճան անցանկալի է։