Մեր նախորդ թիւերով հաղորդած էինք, թէ Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան մասնակցած էր Յունաստանի Գորֆու կղզիին մէջ տեղի ունեցած միջազգային ուղղափառ խորհրդարանական միութեան երկօրեայ ժողովներուն։ Յատուկ զեկոյցով մը, Ժիրայր Ռէիսեան լուսարձակի տակ առաւ Թուրքիոյ բռնարարքներն ու տարիներու ընթացքին վարած զաւթիչ քաղաքականութիւնը դրացի երկիրներու նկատմամբ՝ Կիպրոսէն մինչեւ Սուրիա, ապա Արցախ։ Դէպի Սուրիա վերադարձի ճամբուն վրայ, Երկուշաբթի՝ 13 Դեկտեմբերին, Ժիրայր Ռէիսեան կարճ ժամանակով գտնուեցաւ Աթէնք եւ հանդիպումի առիթը ունեցաւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդր. կոմիտէին եւ «Ազատ Օր»-ի խմբագրութեան հետ։ Յարգելի հիւրը հանգամանօրէն անդրադարձաւ միջազգային խորհրդաժողովի աշխատանքներուն ու իր մասնակցութեան, ապա զրոյցը ծանրացաւ Սուրիոյ հայ գաղութի ներկայ իրավիճակին եւ ապագայի հեռանկարներուն վրայ։ Ան յայտնեց, թէ անցեալի անապահով պատերազմական վիճակը, որ կը տիրէր հալէպահայութեան մօտ մինչեւ քանի մը տարի առաջ, շրջանցուած է շնորհիւ պետութեան եւ բանակի յաջողութիւններուն։ Սակայն ռազմական իրավիճակը փոխարինուեցաւ տնտեսական պատերազմով ու զանազան սեղմումներով։ Այս իրողութիւնը ժողովուրդին վրայ բաւական ծանր կը կշռէ, որովհետեւ տնտեսական տագնապը տարածուած է ամբողջ երկրին մէջ եւ կ՚ազդէ իւրաքանչիւր քաղաքացիի վրայ։ Տարրական դժուարութիւններու ալիքին մէջ գոյութիւն ունի վառելանիւթի տագնապ, սղաճը համատարած ճնշումներ կը գործէ, իսկ երկրի ընթերքը գտնուող ուժանիւթը կը գտնուի զանազան օտար բանակներու հսկողութեան տակ։ Ուժանիւթի տագնապը կը պատճառէ նաեւ շուկայի մէջ ապրանքներու, սննդեղէնի եւ ամէնօրեայ կարիքներու ահաւոր սղաճ։ Միւս կողմէն եկամուտները զգալիօրէն նուազած են։ Խօսելով սուրիահայ գաղութի մասին, ան յայտնեց թէ համայնքի կարելիութիւնները կը մնան սահմանափակ, թէկուզ արտասահմանէն ամէն տեսակի օգնութիւն կը հասնի, սակայն այն բաւարար չէ հոգալու հսկայ կարիքները։ Հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն, համայնքը կը շարունակէ աշխուժ ազգային, հոգեւոր, մշակութային եւ կրթական կեանք ունենալ ու չյանձնուիլ կացութիւններուն։ Գաղութը կը պահէ իր գոյնը եւ բնոյթը, հակառակ արտագաղթին եւ հայութեան թիւի նօսրացումին։ Յատուկ անդրադարձ եղաւ յունահայ ազգային եւ միութենական կառոյցներուն կողմէ՝ Լիբանանի եւ Սուրիոյ գաղութներու զօրակցութեան համար կազմակերպուած հանգանակութեան։