Երեւանի քաղաքային պանթէոնը 28 Դեկտեմբերին սովորականէն աւելի մարդաշատ էր՝ Վահան Յովհաննիսեանին յիշատակի օրն էր․ մարդ-գիտնական, մարդ-քաղաքական գործիչ։ Ներկայ էին անոր կուսակցական ընկերներն ու հարազատները։ Առիթով մը անկեղծօրէն խոստովանած է, որ գիտութիւնը եղած է իր ուղին, սակայն երբ 1988-ին Հայաստան յայտնուած է ծանրագոյն եւ վճռորոշ իրավիճակի առջեւ, որոշած է, որ պէտք է մտնէ ՀՅԴ շարքերը՝ գիտակցումով, որ Հայրենիքին ծառայելու ճշգրիտ ճամբան ՀՅԴ-ի միջոցով է։ Վահան Յովհաննիսեանին շիրիմը այցելած իւրաքանչիւր ոք բազմաթիւ յուշեր ունէր, բայց բոլորը լուռ էին, գլխիկոր: Մտովի կը յիշէին անոր, սուր եւ դիպուկ խօսքերը, կատակները: Կուսակցական ընկերները կը շեշտէին՝ ամենադժուարին պահերուն մշտապէս ոգեւորած է, կրցած է առաջնորդի դեր կատարել։ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանի խօսքին համաձայն, Վահան Յովհաննիսեան հայ ժողովուրդի նորանկախ պատմութեան մէջ ամենագաղափարական, հասուն քաղաքական գործիչներէն մէկը եղած է, որ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, նուիրուած ըլլալով իր գաղափարներուն, պայքարած է այդ ուղղութեամբ: «Այսօր մենք Վահան Յովհաննիսեանին կարիքը շատ կը զգանք քաղաքական դաշտին մէջ: Կը կարծեմ, որ մենք ե՛ւ Վահան Յովհաննիսանին, ե՛ւ անոր հօր՝ Էտուարտ Յովհաննիսեանին յիշատակը պահելու մէկ ճամբայ ունինք՝ շարունակել ապրիլ այն գաղափարախօսութեամբ, որուն համար պայքարած են ողջ կեանքի ընթացքին: Ամբողջ կեանքի ընթացքին պայքարած են հանուն Հայաստանին եւ Արցախին, իսկ այսօր մեր հարենիքը եւ, առհասարակ, հայ ժողովուրդը վտանգուած են: Այս իմաստով՝ մեծ ընելիք ունինք», ըսաւ ան։ «Արդէն 7 տարի է ի վեր Վահան ֆիզիքապէս մեզի հետ չէ, բայց ան այն մարդն է, որուն մասին անցեալ ժամանակով խօսիլ կարելի չէ։ Վահանը մեզի հետ է իր խօսքով, իր ձգած ժառանգութեամբ, ապրած կեանքով, իր հայեացքներով, կատակով ու հիւմորով: Կեանքի փոթորիկները անոր բերին քաղաքական ասպարէզ: Հոն եւ բոլոր ասպարէզներու մէջ ան մշտապէս եղած է բարձունքի վրայ», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան՝ աւելցնելով, կեանքի վերջին տարիներուն Վահան Յովհաննիսեան զինք դրսեւորած է իրեւ փայլուն հրապարակախօս, գրիչի մարդ: «Զարմանալի խորագիտութեամբ Վահան կանխատեսած էր մայրամուտը, որ մեզի կը սպասէր եւ տագնապ կը հնչեցնէր, որ այդ մայրամուտը պէտք է կասեցուի: Ցաւօք, ականատես ենք անոր: Վահան մեզի չի ներեր, եթէ, իր պատգամին հաւատարիմ, չկարենանք այդ մայրամուտը կասեցնել», եզրափակեց Համբարձումեան:

Լիանա Սարգսեան