Երկուշաբթի, 3 Յունուար 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, ոդ Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը Չինաստանէն պսակաձեւ ժահրի դէմ մէկ միլիոն պատուաստ ստացաւ։ Սուրիոյ առողջապահութեան նախարար տոքթ. Հասան Ղապպաշ լրագրողներուն հաղորդեց, որ Չինաստան այս մարդասիրական ընթացքով զօրակցութիւն կը յայտնէ Սուրիոյ Առողջապահութեան հատուածին եւ երկու երկիրներուն կապերը կ՚ամրապնդէ։ Իր կարգին, Դամասկոսի մէջ Չինաստանի դեսպան Ֆենկ Պիաու յայտնեց, որ Չինաստան ջանք չի խնայեր համաշխարհային մակարդակով տարբեր երկիրներու պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշացման եւ համաճարակէն բուժման միջոցներ տրամադրելու։ Ան աւելցուց. «Ցաւալի է, երբ արեւմտեան կարգ մը պետութիւններ կը խոչընդոտեն պատուաստներու հասանելիութիւնը այլ երկիրներ, եւ կը խախտեն մարդկային իրաւունքներու պահպանման օրէնքները»։ Յիշենք, որ սոյն պատուաստներու քանակը չորրորդն է, որ Չինաստանէն Սուրիա կ՚ուղարկուի։ Երրորդը ուղարկուեցաւ նախորդ Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին, կ՚ընդգրկէր կէս միլիոն չինական «Սինոֆարմ» տեսակի պատուաստ։