Երեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց ռուսական խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, նախագահութեամբ՝ ռուս-սուրիական բարեկամութեան յանձնախումբի նախագահ, ռուսական Տումայի պաշտպանութեան յանձնախումբի փոխնախագահ՝ Տիմիթրի Սապլէնի։ Հանդիպումին ընթացքին, կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդարանական յարաբերութիւններու զարգացման շուրջ։ Կողմերը շեշտեցին, որ Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ ահաբեկչութեան դէմ ձեռքբերած յաղթանակները հարկ է որ լրացուին աշխատանքով ՝ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան հորիզոնները ընդլայնելու եւ երկու ժողովուրդներուն կապը ամրապնդելու համար։ Կողմերը զրուցեցին նաեւ Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ նահանգներուն միջեւ արդիւնաւէտ գործակցութիւն զարգացնելու, տնտեսական, մարդասիրական, ընկերային եւ այլ ոլորտներու մէջ համաձայնութիւններ կնքելու, ռուսական եւ սուրիական կրթական հաստատութիւններու միջեւ գործակցութիւնը ընդլայնելու շուրջ։