Չորեքշաբթի, 5 Յունուար 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ԱՄՆ-ի ուժեր 4 ինքնաթիռներով եւ զինեալներով վայրէջք կատարեցին Հասիչէի հարաւային արուարձանի «Տշէշա» գիւղին մէջ։ Անոնք պաշարեցին գիւղը, բնակարանները խուժեցին, թալանեցին եւ սարսափ ստեղծեցին ժողովուրդին միջեւ։ ԱՄՆ-ի ուժեր յաճախակի կերպով նման թշնամական արարքներ կը գործեն Ռաքքայի, Տէր Զօրի եւ Հասիչէի արուարձաններու իրենց գրաւած գիւղերուն մէջ։