Ս.ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին ընդմէջէն Աստուած իր գերագոյն սէրը կ’արտայայտէ մարդկութեան՝ իր Միածին Որդին Յիսուս Քրիստոսը որպէս պարգեւ աշխարհ առաքելով:

Մարդկութիւնը այսօր աւելի քան երբեք կարիք ունի Աստուծոյ սիրոյն, ողորմութեան եւ ներողամտութեան: Երկնային պարգեւը՝ սէրը այլակերպեց մարդկութեան կեանքը: Ծննդեան տօնը յիշատակել կը նշանակէ Քրիստոսի սէրը կրել մեր մէջ եւ աշխարհի մէջ տարածել զայն: Աստուած մանկացաւ եւ մեզմէ իւրաքանչիւրին մանկանալու հրաւէր տուաւ:

Սիրելի՛ հարազատներ,

Սաղմոսերգուին բառերով այսօր լոյս ծագեցաւ մեր մէջ եւ մեզի փրկիչ մը ծնաւ: Այսօր եկած ենք անգամ մը եւս լսելու Յիսուսի Ծննդեան աւետիսը, որ մեր սրտերը կը լեցնէ յոյսով եւ մեզ խաւարէն դէպի լոյս կ’առաջնորդէ:

Երեք մոգերը, որոնք որոշեցին երկար ճանապարհորդութեան սկիզբ տալ, աստղով առաջնորդուեցան: Անոնք գերազանցօրէն վստահեցան եւ հաւատացին Աստուծոյ, ճամբայ ելան, առանց գիտնալու թէ ո՛ւր կ’երթան: Անոնք հնազանդեցան Աստուծոյ կամքին եւ գտան Փրկիչը: Մենք եւս մեր կեանքի ընթացքին հաւատքով, վստահութեամբ եւ յոյսով հետեւինք Աստուծոյ ձայնին եւ հնազանդինք Անոր կոչին, որպէսզի երկրաւոր մեր կեանքի աւարտին միանանք Փրկիչին:

Յիսուսի Ծնունդը ինքնին յաղթանակ մըն է, լոյսին յաղթանակը՝ խաւարին, ուրախութեան յաղթանակը՝ վիշտին, յոյսին յաղթանակը՝ յուսահատութեան, սիրոյ յաղթանակը՝ ատելութեան, խաղաղութեան յաղթանակը՝ պատերազմներուն, հնազանդութեան յաղթանակը՝ անհնազանդութեան (Ադամի եւ Եւայի անհնազանդութեան պարագան) եւ օրէնքի յաղթանակը՝ խառնաշփոթութեան եւ քաոսին: Քրիստոսի Ծնունդով մարդկութեան կեանքը պայծառակերպուեցաւ, որովհետեւ լոյսը, ուրախութիւնը, յոյսը, սէրը, խաղաղութիւնը, հնազանդութիւնը եւ օրէնքը վերահաստատուեցան:

Յիսուսի Ծնունդը իրականացաւ, որովհետեւ Մարիամ եւ Յովսէփ լսեցին Աստուծոյ ձայնը, հաւատացին Անոր եւ Աստուծոյ իրենց համար գծած ճամբայէն քալելով՝ Տիրոջ ծրագիրը իրականացուցին: Մարիամ՝ հրեշտակին ճամբով եւ Յովսէփ՝ երազին մէջ իմացան Աստուծոյ ծրագիրին մասին եւ հնազանդութեամբ գործակցեցան Աստուծոյ հետ: Հնազանդութիւնը կերպարանափոխեց անոնց եւ մեր կեանքը:

Յիսուսի Ծնունդը այն պահն է, երբ Աստուած եկաւ եւ մարդկային կերպարանքով մեր մէջ բնակեցաւ: Բեթղեհէմէն մեզի հասած Ծննդեան պատգամը համայն մարդկութեան ուղղուած փրկութեան աւետիս է, հաւատարմութեան պատգամ է, բժշկութեան կոչ է եւ աւելին՝ հոգեւոր աճի հրաւէր է:

Այսօր կը յիշենք բոլոր անոնք, որոնք կ’ապրին կեանքի դառն պահեր՝ պատերազմ, հիւանդութիւն, խռովութիւն, սուգ եւ վիշտ: Հետեւաբար, Ծննդեան այս տօնին մեր աղօթքներուն մէջ կը յիշենք տագնապի մէջ գտնուողները, անհայրենիք մնացած գաղթականները, պատերազմներու զոհերը, վիրաւորները եւ բոլոր անոնք, որոնք ընկերութեան լուսանցքին վրայ կը գտնուին: Կը յիշենք աղքատներն ու որբերը, որոնց հետ Քրիստոս նոյնացաւ՝ ծնելով համեստ մսուրի մէջ: Կը յիշենք գաղթականները, գիտակցելով, որ Մանուկ Յիսուս ինք եւս Եգիպտոս փախչելով եղաւ թափառական եւ գաղթական: Կը յիշենք մեր նուիրեալ զինուորները, որոնք տօնական այս օրերուն հեռու իրենց ընտանիքներէն՝ արթուն կը հսկեն հայրենիքի սահմանները: Կը յիշենք մեր նահատակները, որոնք պատերազմի դաշտին վրայ իրենց անձերը ընծայաբերեցին: Այսօր մեր աղօթքներուն մէջ կը յիշենք թշուառները, ապերջանիկները եւ Ծննդեան այս տօնին աղօթքի ճամբով մեր օգնութեան ձեռքը կ’երկարենք անոնց, յիշեցնելով հրեշտակին բառերը. «Մի՛ վախնաք, ձեզի աւետիս մը պիտի տամ: Այսօր ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղկ 2.10-11): Հրեշտակին խօսքը ուղղուած է բոլոր վերեւ յիշուածներուն՝ յոյս եւ քաջութիւն տալով անոնց: Այսօր բազմաթիւ սպառնալիքներ եւ մարտահրաւէրներ կը վտանգեն մարդկութեան կեանքը: Սուրբ Ծննդեան հիմնական պատգամներէն մէկը մեր նեղութիւններն ու վիշտերը լաւատեսութեան, յոյսի եւ հաւատքի վերածելու հրաւէրն է:

Սիրելի՛ հաւատացեալներ,

Ծննդեան տեսարանը գեղեցիկ է: Երբ կը կարդանք Աւետարանը, յատկապէս Ծննդեան դրուագը՝ կը տեսնենք, թէ ինչպէս Մարիամ իր աչքերը յառած է դէպի իր որդին՝ Յիսուս, իսկ մանուկ Յիսուս իր աչքերը յառած է՝ դէպի աշխարհ եւ մարդկութիւն:

Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնը, զարդարանքներէն եւ արտաքին երեւոյթներէն անդին խոկումի եւ խորհրդածութեան գեղեցիկ հրաւէր մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրին համար: Ան վերածնունդի առիթ մըն է, հրեշտակին բառերով փառաբանելու աստուածային լոյսին ճառագայթումը մեր կեանքէն ներս. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն» (Ղկ 2.14):

2022 տարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուեցաւ «Սփիւռքի Տարի»: Հետեւաբար, ամբողջ տարին մեր հայեացքը պիտի ուղղենք Սփիւռքի վերակազմակերպման եւ հզօրացման աշխատանքին, նպաստելով մեր հայրենիքին՝ Հայաստանի եւ Արցախի ամրապնդման:

Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, յանուն Բերիոյ Հայոց Թեմի ժողովականութեան, ժողովուրդին եւ անձնապէս, հոգեկան ցնծութեամբ որդիական մեր սէրն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մաղթելով կատարեալ առողջութիւն եւ արեւշատ տարիներ, հայրապետական ծաղկեալ ասայով յառաջ տանելու հայ եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդին եւ սփիւռքահայութեան նուիրական առաքելութիւնը:

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով մեր շնորհաւորական մաղթանքները կ’ուղղենք թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին, Ազգ. Վարչութեան, Կրօնական Ժողովին, ազգային մարմիններուն, կազմակերպութիւններուն, Թեմի ողջ տարածքին՝ Դամասկոսի, Ճեզիրէ շրջանի, Լաթաքիոյ, Քեսապի, Թարթուսի եւ Հալէպի մէջ գործող մշակութային, մարզական, բարեսիրական միութիւններուն, կրթական հաստատութիւններուն, հոգաբարձութիւններուն, խնամակալութիւններուն, եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներուն, բարերարներուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, բոլորին մաղթելով բարեյաջող եւ արեւշատ տարիներ:

Կ’աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնառատ օրհնութեամբ պահէ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանն ու Արցախը, ինչպէս նաեւ պահպանէ եւ առաւել ծաղկեցնէ սուրիական հայրենիքը, բանակը, սուրիացի ասպնջական ժողովուրդը եւ անոր իմաստուն ղեկավարութիւնը:

Թող որ Մանուկ Յիսուսի պայծառակերպող լոյսը ջերմացնէ մեր ընտանիքներն ու բոլոր կառոյցները:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ, ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ:

Մասիս Եպս. Զօպուեան

Առաջնորդ Հայոց Բերիոյ Թեմի

6 Յունուար 2022