Քանի մը ամիս առաջ, երբ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի բեմէն ճակատաբաց յայտարարեց, թէ Գորիս-Կապան ճամբուն՝ ազերիներուն կողմէ խլուած ծանօթ հատուածը ազերիներուն կը պատկանի (եւ ՔՊ-ական «երգչախումբ»ը անմիջապէս ձայնակցեցաւ անոր), սրտցաւ սիւնակ մը արձանագրած էինք, նախատեսելով, որ Փաշինեան (եւ Պապիկեան ու ուրիշներ) կրնան Հայաստանի մէջ Ատրպէյճանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի ու այլ պաշտօններու կոչուիլ, որովհետեւ լիովին կը պաշտպանեն Ալիեւի տեսակէտները:
Այսօր, սիրելի ընթերցող, նոյն սրտցաւութեամբ կ’ուզենք հրապարակաւ խոստովանութիւն մը ընել, թողութիւն ստանալու յոյսով: Կը խոստովանինք, որ նման նախատեսութիւն ընելով, սխալա՜ծ ենք եղեր, չարաչա՛ր սխալած: Մարդուն (եւ խմբակիցներուն) աչքը շատ աւելի բարձրերը ուղղուած են յայտնապէս, կը ձգտին շատ աւելիին՝ քան դեսպանի կամ նման դիրքերու: Փաստօրէն, իր վերջին «մամլոյ ասուլիս»ին, Փաշինեան գործնապէս փաստեց, թէ ապահոված է պաշտօնի բարձրացում մը՝ Հայաստանի… մարզպանի պաշտօնը (վաղն ալ կրնայ սահմանադրական փոփոխութեան խաղը ըստ այնմ ձեւաւորել), եթէ ի վերջոյ բանը հոն հասնի, որ Հայաստան վերածուի, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով, թրքական վիլայէթի (Ատրպէյճանը արդէն Արեւելեան Թուրքիա է, ըստ համաթուրանական ծրագիրին):
Փաստօրէն, հէրիֆը (ուրիշ ի՞նչ որակում տանք, քանի «դաւաճան» կոչումը զինք ջղագրգիռ կը դարձնէ) առանց բառերը ծամծմելու յայտարարեց, որ Արցախը երբեք Ատրպէյճանի կազմէն դուրս չէ եղած, թէ՝ Արցախի նախկին բնակիչ ազերիներն ալ իրաւունքներ ունին (լռելեայն ըսել կ’ուզէր, թէ հայերս իրաւազրկած ենք զանոնք, ինչպէս Ալիեւն ու իր «երէց եղբայր» Էրտողանը կը յանկերգեն), անուղղակիօրէն յիշեցնելով իր այն «հանճարեղ տեսութիւնը», թէ՝ Արցախի հարցին լուծման տարազը պէտք է ապահովէ նաեւ ազերիներուն համամտութիւնը…
* * *
Կը յիշէք, չէ՞: Երբ աւելի քան 1550 տարի առաջ վերջ գտաւ Արշակունիներու թագաւորութիւնը (սա Անիի վաճառքէն մօտաւորապէս հինգ դար առաջ էր), Տիզպոն նստած թագաւոր մը Հայաստանը (իր տիրապետութեան տակ անցած բաժինը) վերածեց մարզպանութեան, նշանակելով կառավարիչներ՝ մարզպաններ (Հայաստանի արեւմտեան փոքր պատառիկն ալ, որ անցեր էր յոյներու տիրապետութեան տակ, կը կառավարուէր յոյն կառավարիչներով, որոնք կը կոչուէին սատրապ): Հայութիւնը չհանդուրժեց այդ վիճակը, Մամիկոնեաններու ժառանգորդ Վահանը շուրջ երեք տասնամեակ պայքարեցաւ բանիւ եւ գործքով, Նուարսակի դաշնագիրով վերականգնեց Հայաստանի ինքնավարութիւնը (սակայն ինքնիշխանութիւնը՝ թագաւորութիւնը կորսուած մնաց): Հայաստան եւ հայութիւնը այնուհետեւ անցան աւելի՛ երկարատեւ տաք (քան թէ բարեխառն) փուլերէ, մինչեւ որ Բագրատունիները (յետոյ նաեւ Արծրունիներն ու Սիւնիները) վերականգնեցին հայկական անկախ իշխանութիւնը:
Յետոյ, պատմութեան անիւը կանգ չառաւ Անիի վաճառքով ու անկախութեան կորուստով: Հայաստան, Բագրատունիներէն եւ ժամանակակիցներէն ետք, մտաւ խաւարի դարաշրջաններ: Օր մըն ալ, Էրզրումի հայոց լեռներէն հնչած ձայնէն շա՜տ առաջ, նոյնինքն ՀԱՅԿԱԿԱ՛Ն Արցախէն ծագեցաւ լոյսի առաջին շողը. Իսրայէլ Օրի, Դաւիթ Բէկ, Մխիթար սպարապետ եւ յետնորդներ բացին քաղաքական եւ բազկի պայքարի ուղիները, արձանագրեցին որոշ յաջողութիւններ, ձախողութիւնները աւելի առատ եղան: Անոնց խօսքն ու գործը մեկնակէտ ունէին Հայաստանի ու Արցախի ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ: Սա իրենց հնարած տեսութիւնը չէր, այլ պարզապէս հաւատարմութիւն՝ Հայկի, Արամի ու ժառանգորդներու օրերէն կուտակուած՝ դարաւոր աւանդին, ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՆՎԻՃԵԼԻ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ:
* * *
Յետոյ եկան պայքարի ու անկախութեան բիւրեղացման փուլերը: Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն եւ կորուստէն ետք, մինչեւ իսկ ստալինեան ծանօթ կամայականութեան տրամաբանութեամբ, Արցախը եղաւ ու մնաց հայկական, իսկ «Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ ինքնավար մարզ»ի անոր նկարագիրը նման էր թուքով փակցուած հրովարտակի, որ պատռուեցաւ ու այրեցաւ Հայաստանի վերանկախացման ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ, Խորհրդային Միութեան փլուզման օրերուն, հայկական այդ տարածքի ժողովուրդին ջախջախիչ քուէով: Սա «հեռաւոր անցեալ»ին չպատահեցաւ, այլ մեր օրերուն, Փաշինեանի եւ նմաններու քաղաքական ասպարէզ բերուելու օրերուն…
Իսկ հիմա, Փաշինեան էֆենտին՝ Ալիեւի կամ Էրտողանի կողմէ մարզպան նշանակուելու յաւակնորդը, կը փորձէ իր կարգին պատռել պատմական ճշմարտութիւնները, ոչնչացնել Դաւիթ Բեկէն առաջ եւ յաջորդներուն օրերուն ամրագրուած՝ հնադարեան ճշմարտութիւնը, յայտարարելով, որ… Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմէն դուրս չէ եղած: Հայաստանէն ալ հողեր զիջած է եւ պատրաստ է նոր զիջումներ ընելու, «սահմանազատում եւ սահմանագծում» ընելու համար ընդունելով Ատրպէյճանի համար ամէնէն նպաստաւոր՝ «խորհրդային օրերու վարչական բաժանումի քարտէզները»: Մտային շլութիւնը սահման ունի՞, իսկ մարզպանամէտութի՞ւնը…
Հիմա աւելի պարզ աչքերով կը տեսնէ՞ք (եթէ այդ կարողութիւնը չէք բթացուցած), թէ Փաշինեան, Արայիկ Յարութիւնեան (ո՛չ Արցախի Արայիկը) եւ ընկերներ 2019-ի Հոկտեմբերին ինչո՛ւ որոշեցին համալսարան մուտքի համար հայագիտական որոշ նիւթեր ջնջել քննութիւններու ցանկէն: Հէրիֆները չեն ուզեր որ նոր սերունդը ծանօթանայ, կապ ունենայ մեր հին ու նոր պատմութիւններուն հետ, իսկ ունեցողն ալ ուղեղալուացքի կ’ենթարկեն, որպէսզի մոռնայ, եւ օր մըն ալ միայն զիրենք ընդունի իբրեւ «պատմական ճշմարտութեանց» ռահվիրայ եւ աղբիւր: Երբ պատմութիւն եւ ճշմարտութեանց յիշողութիւնը ջնջուին, շատ աւելի դիւրին կ’ըլլայ զանգուածը համոզելը, որ մենք՝ հայե՛րս սխալներ գործած ենք դարեր շարունակ, Արցախը Ատրպէյճանին պատկանած է… Ատրպէյճանի գոյառումէն շա՜տ առաջ, իսկ վաղը, երբ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ալ, պատմական դաժան նախընթացներուն հետեւողութեամբ, չիք դառնայ, Փաշինեան կրնայ դառնալ մարզպան, իսկ իր գործակիցները՝ համապատասխան իշխանիկներ:
Ախորժակները կրնան այդքանով չյագենալ, որովհետեւ «ախորժակը (ի վերջոյ) ուտելով կը բացուի»: Չէ՞ որ Էրտողանն ալ Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ ախորժակներ ունի. Թուրքիոյ հետ բարեկամութեան եւ գործակցութեան էջը բանալու սիրոյն, հերիֆը կրնայ ընդունիլ Էրտողանի նախապայմանները, հրաժարիլ Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջէն, Արեւմտեան Հայաստանի պահանջատիրութենէն, Արցախի մնացեալ պատառիկէն (եթէ այս բոլորը արդէն չէ ըրած կամ խոստացած), ուրեմն, նոր «սուլթանն» ալ կրնայ այս հայանուն արարածներուն (եթէ մինչ այդ անուանափոխ չըլլան) վստահիլ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հովանաւորութիւնն ու տնտեսումը:
Ահա թէ ինչպիսի՛ ապագայ կայ Հայաստանի մէջ: Ահա թէ ինչպիսի՛ լիազօրութիւններ ստացած են Փաշինեան եւ ընկերները՝ 20 Յունիսի ընտրութիւններուն ճամբով:
* * *
Սակայն ամէն բան «տժգոյն ու դժբախտ» չէ, ինչպէս որակուեցաւ Շուշին՝ տարի մը առաջ: Ո՛չ միայն Հայաստանի ընդդիմադիր ճակատը, այլ նոյնինքն Արցախը՝ իր ընդդիմադիրներով ու արտաքին նախարարով, մինչեւ իսկ Փաշինեանի «պոչիկը» դարձած իր նախագահով կը յայտարարեն, որ Փաշինեան շրջանցած է իր լիազօրութիւնները, կ’ոչնչացնէ ո՛չ միայն Արցախեան Պայքարին արդիւնքները, այլ նաեւ աննախընթաց վտանգի տակ կը դնէ հայկական պետականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, գոյութեան իրաւունքն իսկ: Վահան Մամիկոնեանի ժառանգութիւնը այսօր ալ կ’ապրի ողջ հայութեան մէջ, եւ փաշինեանասէրներուն կը մնայ բանալ աչքերն ու ուղեղները, օր առաջ վերականգնել Հայաստանին, Արցախին ու մեր պետականութեան տիրութեան կամքը:
Ահաւոր վնասներ կրա՞ծ ենք. ո՛չ մէկ վէճ ու կասկած: «Վնասին ո՛ր կէտէն ալ դառնաս՝ շահ է», ըսուած է: Դառնալէն ետք, կայ նաեւ լիարժէք վերականգնումի մարտահրաւէրը, որ գետին պիտի չձգուի հայութեան ձեռքերուն միացումով եւ մարզպանամէտներուն չէզոքացումով:
Ս. Մահսերէճեան