Ունինք կանոնագիր անգիր ու գրաւոր
Բարեկամներ մօտիկ ու հեռաւոր
Բայց այս բոլորը չեն մեղմացներ մեր վիճակը ահաւոր
Հայրենիքս ու ազգս դարձած են վիրաւոր
Իշխանութիւնը ընտրած է ճանապարհ անսովոր
Եթէ հեռանաս կը դառնաս վախկոտ
Իսկ մօտենաս կ’որակեն քեզ պատեհապաշտ ու թուլամորթ
Միասին մտածենք այս բոլորէն ետք՝
Ո՞վ է վարպետ, ո՞վ աշկերտ
Ո՞վ է ուսուցիչ, ո՞վ աշակերտ
Ո՞վ է բանգէտ, ո՞վ տգէտ
Ո՞վ է ազգային, ո՞վ քաղաքագէտ
Ու այսպէս շարքը երկար մեզ կը դարձնէ ապիկար, իսկ մեր ընթացքը կը մնայ անկատար՝ մէկս միւսէն ոչ լուռ ունի ու ոչ ալ խապար։
Մտորումներ, որոնք ունին սկիզբ ու չունին վերջ կամ աւարտ։
Պատմութիւնը սորվեցուցած է՝ երբ չենք դարձած միակամ ու բռնցքուած, երբ չենք կրցած քաղել այն պարզ դասը կառչած մնալու կոճղին, որքան ալ հաստ ըլլայ ճիւղը ծառին, կը վտանգուի գոյութիւնը անոր, երբ իր ճակատագրին ձգած ես նոյնինքը՝ կողճը ծառին։
Մենք այսօր, աւելի քան երբեք, կարիք ունինք ազգային անվտանգութիւն ապահովելու երաշխիքին, որուն անունն է «Միասնակամութիւն»։
Վստահ եմ, որ քաջածանօթ էք այս բոլորին… պարզապէս ընդհանուր գործին շահը ի նկատի ունենալով հարկ համարեցի անգամ մը եւս յիշել մոռցուած, բայց միշտ այժմէական այս ճշմարտութիւնները։
Անհատապէս եւ հաւաքաբար ոչ միայն կը մերժենք հայրենիքի մէջ սխալով ստեղծուած անվստահութեան մթնոլորտը, այլեւ՝ թէ՛ Արցախի ազատագրութեան, թէ՛ Հայաստանի շրջափակման վերջ տալու, եւ թէ անկախութեան մեր երթը խոչընդոտող դժուարութիւնները յաղթահարելու ճակատներուն վրայ գործակցութեան մեր ձեռքը միշտ պարզած կը պահենք հայրենի պետութեան ուղղութեամբ, նոյնիսկ եթէ անոր իշխանութեան ղեկը այսօր ստանձնած գործիչներ ի վիճակի չեն ձերբազատելու Դաշնակցութեան մէջ «ուղղակի թշնամի» փնտռելու հին ու սնանկացած ոճէն…
Իշխանութիւնը իր մշակած  գաղափարախօսութեամբ նպատակ ունենալով Հայաստանի եւ անշուշտ հայ քաղաքական մտքի ապազգայնացումը, առաջին եւ հիմնական քայլը առնելով իսկ կը հաստատէր, որ ապահովութեան եւ անկախութեան ամէնէն «շօշափելի» երաշխիքը վերջ տալն է այսպէս կոչուած Արցախի անկախութեան պահանջատիրութեան, Հայ Դատի կամ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հետապնդման «ցնորքին»։
Ձգտումը, եթէ խորամանկութիւն չէ, չափէն աւելի քաղաքական տհասութիւն է։
Վերջապէս ընդգծելի է հայրենի պետութիւնն ու օրուան իշխանութիւնը զանազանելու, պետականութեան ամրապնդման անսակարկ նուիրուելու, բայց իշխանութեան սխալներուն դէմ յանդիման ժողովրդավարականօրէն ընդդիմանալու Դաշնակցութեան ազգային ուղեգիծը։
Մանաւանդ, որ իր անկախութիւնը ամրագրելու ճամբուն վրայ Հայաստան կը դիմագրաւէ անձնական եւ խմբային շահագրգռուածութեամբ պետութիւն եւ երկիր ղեկավարողներու յոռեգոյն վտանգը։ Դաշնակցութիւնը միշտ դէմ եղած է ազգի եւ Հայրենիքի ղեկը անհատներու բախտին յանձնելու փորձութեանց։
Այսօր՝ յաւելեալ պատճառներ ունինք ահազանգ հնչեցնելու իշխանութեան նման փորձերուն դէմ։
Ցանկալին տեսնելու մղումով իշխանութիւններու նկատմամբ քննադատական կեցուածք չունենալն ու քաղաքական սխալները մատնացոյց ընելու յանդգնութիւն չունենալն ալ համազօր է ազգակործան գործունէութեան։
Պարգեւ Աւագեան