«Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար, աւետիս, այսօր տօնն է Սուրբ Ծննդեան, աւետիս» (Աւետիսի երգ)։
Աւելի քան երկու հազար տարի առաջ, Աստուածորդին 6 Յունուարին երկինքէն երկիր խոնարհելով ծնաւ ախոռի մը մէջ՝ մարդկութիւնը առանց փոխադարձ ակնկալութեան փրկելու համար։ Բեթհեղէմի մէջ ծնած Յիսուս մանուկը խաղաղութեան իշխանն էր, յոյսի մարմնացումն էր, կենաց հացն էր, Աստուծոյ ներկայութիւնն էր (էմմանուէլ), աստուածային սիրոյ արտայայտութիւնն էր, փրկութեան աղաղակն էր, Աստուած-մարդ հաշտարարն էր, ցնծութեան առիթաբերն էր, մարդկութեան դէպի կեանք բացող հորիզոնն էր, աւետիսի ձայնն էր, աստուածային լոյսի ցոլացումն էր, մարդուն հանգստաշնորհն էր, մարդուն ոտքի կանգնեցնողն էր, արդարութեան արեգակն էր… Աստուածատուրին ծնունդը իմանալէ ետք, մոգերը սկսան նորածին ու ճշմարիտ թագաւորը փնտռել (հմմտ. Մտ 2. 2)։ Ամենակալը բարձրօրէն գնահատելով մոգերուն փափաքն ու նախանձախնդրութիւնը, աստղի մը միջոցաւ զիրենք առաջնորդեց նորածին Աստուծոյ ծննդավայրը։ Մոգերը փնտռեցին զՔրիստոս՝ զԱյն երկրպագելու նպատակով (հմմտ. Մտ 2. 2)։ Եւ երբ անոնք Աստուծոյ ծննդավայրը հասան, խոնարհեցան Տիրոջ առջեւ ու Անոր սրտաբուխ ու սրտազեղ նուէրներ ընծայեցին։
Աստուած այսօր եւս մեզ դէպի Քրիստոս կ’առաջնորդէ։ Այսօր Ան կ’առաջնորդէ ո՛չ թէ աստղի մը միջոցաւ, այլ Իր կենդանի խօսքին՝ Աստուածաշունչին, Իր կենդանի Հոգիին եւ մեր կեանքին մէջ Իր կատարած բազմազան ու բազմաբնոյթ գործերուն միջոցաւ։ Աստուած այս առիթով մեզի կը սորվեցնէ, թէ զԱստուած եռանդով ու խանդավառութեամբ փնտռողը պիտի վայելէ աստուածային առաջնորդութիւնը ու զԱյն անպայման պիտի գտնէ. «Փընտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք» (Մտ 7. 8)։
Մոգերը զԱստուած փնտռեցին՝ զԱյն երկրպագելու նպատակով։ Այսօր մեզմէ շատեր եկեղեցի կ’երթան ո՛չ թէ Քրիստոսի հանդիպելու նպատակով, այլ իրենց խնդրանքներուն ցանկը ներկայացնելու համար։ Այսօր մեզմէ շատեր Աստուծոյ բնակարանը՝ Ս. եկեղեցին կ’երթան իրենց բարեկամները, ազգականները եւ հարազատները տեսնելու համար։ Այսօր մեզմէ շատեր եկեղեցի կ’երթան ո՛չ թէ Քրիստոսի ձայնը եւ խօսքը լսելու նպատակով, այլ իրարու հետ խօսելու եւ Յիսուսէն զատ ամէն մարդու ձայնը լսելու համար։
Մոգերը մեզի կը սորվեցնեն, թէ եկեղեցի երթալ կը նշանակէ Քրիստոսի երկրպագել, Անոր բերկրաբեր ձայնը լսել եւ մեր հայեացքը Անոր վրայ կեդրոնացնել։ Մոգերը պարապ ձեռքերով չներկայացան Քրիստոսի առջեւ (հմմտ. Մտ 2.11)։ Անոնք իրենց այս արարքով մեզի սորվեցուցին, թէ ճշմարիտ աստուածասիրութեան պէտք է ընկերանան նաեւ սրտայորդ նուէրները։ Պէտք չէ սխալ հասկնանք այս նախադասութիւնը. Աստուած մեզմէ նիւթական նուէրներ ու ընծաներ չ’ուզեր, այլ կ’ուզէ որ Իրեն նուիրենք մեր հոգիները, մեր սրտերը, մեր մտքերը, ուրիշ խօսքով՝ մեր էութիւնը իր ամբողջութեամբ։ Ան կ’ուզէ, որ մեր անձերը ամբողջական փափաքով ու պատրաստակամութեամբ նուիրենք Անոր։
Տիեզերքի Արարիչին Որդիին համար այս աշխարհին մէջ տեղ չկար, ուստի Ան ծնաւ ամենախոնարհ, ամենահամեստ, ամենաղքատ, ամենախեղճ ու ամենանուաստ վիճակի մէջ։ Երկնառաքն Քրիստոս ծնաւ ախոռի մը մէջ։ Ծնաւ անասուններուն բնակավայրին մէջ։ Նոյնիսկ Անոր ծնունդէն վերջ, Անոր համար աշխարհին մէջ տեղ չկար. «Մարդու Որդին գլուխը հանգչեցնելիք տեղ մը չունի» (Մտ 8.20)։ Մարդացեալ Աստուածը կարգ մը մարդոց կողմէ ուղղակի վռնտուեցաւ, այլ վայրերու մէջ նախատուեցաւ։ Անոր տեղը դարձաւ ատեանը, խաչը, գողգոթան (գանկերու վայրը) եւ գերեզմանը։ Մարդիկ միշտ ալ զԻնք նախատեցին եւ այսօր ալ Իրեն հետեւորդներուն կը նախատեն։
Այսօր ալ աշխարհի մէջ Երկնապարգեւին՝ Քրիստոսի համար տեղ չկայ։ Ան մնալու տեղ կը փնտռէ։ Ան ամէն կողմ դռներ կը թակէ, հանգըստավայր մը գտնելու նպատակով։ Արդեօք այսօր ալ մենք թոյլ պիտի տա՞նք, որ Քրիստոս ախոռի մէջ ծնի, թէ մեր սրտերուն, հոգիներուն, մտքերուն ու էութեան դռները պիտի բանանք՝ զԱյն ներս հրաւիրելով։
Աստուածորդին գիշերուան խաւարին մէջ իբրեւ լոյս ծնաւ, որպէսզի խաւարը ցրէ մեր կեանքէն։ Ուստի մենք՝ իբրեւ լոյսի որդիներ, ծննդեան խորհուրդը իրական դարձնենք մեր կեանքին ընթացքին, արձանագրելով հաւատքի եւ առաքինի գործեր:
Այսօր ծննդեան պատկերը մեր աչքին առջեւ ունենալով՝ գանք հանդիպելու Աստուծոյ հետ՝ մեր սէրը զղջումով եւ ապաշխարութեամբ արտայայտելու ու մեր ձգտումն առ Աստուած՝ հաղորդութեամբ եւ աղօթքով փաստելու։
Հետեւաբար, սիրելի՛ հաւատացեալ-ընթերցող, թոյլ տուր, որ աշխարհի լոյսը՝ Քրիստոս  սրտիդ մէջ մուտք գործէ, որպէսզի լուսաւորէ սրտիդ խորքն ու մթագնած հոգիդ։ Ամէնէն թանկագին ու մեծ նուէրը, որ կրնաս Յիսուս մանուկին տալ Իր ծննդեան տարեդարձին առիթով, սիրտդ է։ Աստուածորդին այսօր կ’ուզէ սրտիդ մէջ ծնիլ, որպէսզի քեզի նոր ծնունդ պարգեւէ։
Արդեօք դուն պատրա՞ստ ես Քրիստոսի համար սրտիդ ամէնէն նուիրական ու քրիստոսավայել տեղը բանալու։ Եթէ պատրաստ ես, սաղմոսերգուին ու ինծի հետ ըսէ. «Սիրտս պատրաստ է, ո՜վ Աստուած, սիրտս պատրաստ է՝ Քե՛զ երգելու եւ նուագով ներբողելու» (Սղ 57. 7)։
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, մեզի եւ ձեզի մեծ աւետիս։
Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի աւարտական սան
Այնճար, Լիբանան
Շանթ Սրկ. Գատեհճեան