Եզակի տօն ողջ մարդկութեան
Խօսուն խորհուրդ վայելչական
Աստղն է նաեւ  յուշող վկան
Թէ ծնաւ Տէր Յիսուս Արքան
Խաղաղութեան բարի Իշխան:
Ուրախութիւն երանական
Օրհներգութիւն գրաւչական
Մեծ յայտնութիւն Տէրունական
Աւետախօս ձայն ցնծութեան
Փառք հրաշափառ Ս.Ծննդեան:
Գալուստը լուր վաւերական
Այցելուներ մօտէն տեսան
Աշխարհ եկած ծնեալ Մեսիան
Պատիւ տուին նուիրական
Օծեալը սուրբ ստոյգ ճանչցան:
Քու ծնունդով գերբնական
Սերունդները օրհնուեցան
Քու մսուրդ սովորական
խոնարհութեան հանդիսարան
Ցոյց կու տայ մեզ լոյսի ճամբան:
Մարդը անկեալ մեղանչական
Կարիքն ունէր ազատութեան
Որ գտնէ ելք մը իսկական
Ապրի առանց ստրկութեան
Ըլլայ ընտիր եւ պատուական:
Աւետաբեր տօն ծննդեան
Ոսկի առիթ յուսադրական
Տիրոջ սէրը անխտրական
Անչափելի, չունի սահման
Ջերմ ապրումի ներշնչարան:
Եկէք ցնծանք մենք միաբան
Գովքեր հիւսենք աղօթական
Թող մեր կեանքին մէջ տեւական
Յիսուս մանկան ճիչերն ըլլան
Կեղծ աշխարհի ձայնին փոխան:
Խորէն Քհնյ.Պէրթիզլեան