Ծառէն յոյսեր կախեցի։
Լոյսերուն տեղ
փափաքներս վառեցի։
-Աստղն ի՞նչ ընեմ,-
Ըսի, մէկդի նետեցի,
Փոխարէնը՝ սիրտս բերի
Ու գագաթին գամեցի։
Տրտում սիրտս
Գոռաց ուժգին՝
«Կեանքիս թելը մի՛ կապեր,
Իմ լոյսերս մի՛ վառեր.
Ես մեռած եմ երէկուընէ,
Զիս կեանք տալու փորձեր
Երբեք մի՛ ըներ։
Անցեալ տարի, Նոյեմբերին
Ես մեռայ, ու մինչ օրս
Կուրծքիդ տակը
Կը թփրտամ, ա՜խ,
Անկենդան՝ Տէրս վկայ։
Տէ՛, վա՛ր առ զիս,
Ի զուր փորձեր մի՛ ըներ,
Տօնածառիդ ես յարմար չեմ՝
Ի զուր կեանքի մի՛ կոչեր։
Ես սգոյ ծառին եմ յարմար,
Եռաբլուր շուտ զիս տար,
Որ լամ այնտեղ ու կսկծամ
Զաւակներուս շիրիմին,
Եւ կամ Արցախ տա՛ր ու նետէ՝
Հոն աղօթեմ ծնկաչոք,
մինչեւ «Շուշա»ն Շուշի դառնայ՝
Ետ փայլի մեր արեւով,
Որ շունչ քաշեմ, սեւս պատռեմ,
Մեր արշալոյսն աւետեմ՝
Յաղթանակի գինով հարբած
Մինչ լուսաբաց ես պարեմ»։
-Չէ՛, չէ՛, քիչ մը համբերէ,
Մահուան սեւը
Քու ուսերէդ
Անդին նետէ՛ ու լսէ՛։
Նոր սերունդը
Լուռ ու մունջ չէ՛,
Անոր ուժին վստահէ՛,
Աշխարհով մէկ իր տաղանդով
Ոսկի էջեր կը գրէ։
Անոր ձայնը լսելի է
Ու դիրքը մի՛շտ պանծալի՝
Եռագոյնը վեհ պահողը
Յարգանքի է արժանի։
Սուրբ արիւնով սնած հողին
Կանչը լսող սերունդին
Բազկի զարկէն չկասկածիս,
Այլ համբերէ՛, ի՛մ հոգիս։
«Համբերանքը կեանք է», կ’ըսեն,
Դուն այս խօսքին հաւատա՛
Ու Աստուծոյ հրաշքներով
Կենդանութեամբ միշտ խայտա՛։
Երբ խօսքերս այս լսեց,
Կեանքի նշոյլ ցոյց տուաւ
Ու մինչ օրս մեռած սիրտս
Շունչ մը քաշեց եւ ըսաւ.
-Է՜հ, դարձեա՛լ համոզեցիր,
Յուսամ զիս չխաբեցիր,
Ու պարտութեան կսկիծով
Ժայթքած հոգւոյս խորերը,
Համբերանք սրսկելով,
Լոյսի լայն դռներ բացիր։
Հիմա ծառիդ գագաթին
Նստած «Կռունկ» պիտ’ երգեմ
Ու ոսկեման իլիկով
Յաղթանակներ պիտ մանեմ։
Հանգչած սիրտս թփրտաց՝
Կենաց ժանեակներ հիւսեց
Ու իմ ծառս, անկենդան,
Տօնածառի վերածեց։
Յոյսերս փայլփլեցան
Ու հաւատք խնկարկեցին.
Պսպղուն փափաքներս
Անամպ երկինք մաղթեցին.
Ուժգին հնչեց շեփորը՝
«Սուրբ Ծնունդ»ը աւետեց
Եւ մեր երդիքը հայկեան
Շողաց՝ կանթեղներ վառեց։
Տիրուկ Մարգարեան-Կարապետեան