Անզուգական անձնաւորութիւն մը, որ անցաւ Հալէպ քաղաքէն, դարձաւ Սուրիոյ մարզական երկնակամարի անկրկնելի տիտաններէն, միաժամանակ սերունդներու մարզական մշակ՝ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս իր երկարամեայ ուսուցչական նուիրեալ աշխատանքով: Դժբախտաբար ան իր արժանի տեղը չգտաւ ո՛չ իր կեանքի տեւողութեան, ոչ ալ յետմահու՝ ապերախտութեան զոհը դառնալով:
Սուրիոյ ամբողջ մարզական եւ մարզասէր հասարակութիւնը ֆութպոլի աշխարհէն ներս զինք կը ճանչնայ 1950-ական թուականներէն։ Ան գերազանցած է համարեա՛ իր ժամանակաշրջանի բոլոր մարզիկները: Յիշողութեանս մէջ տակաւին թարմ է առիթով մը իր պատմած հետեւեալ եղելութիւնը. օրուան մարզական պատասխանատու գրասենեակը որոշած է զինք եւ այլ երկու մարզիկներ ուղարկել Պրազիլ՝ յաւելեալ մարզումներու համար, յատուկ գումար յատկացուցած այդ ճամբորդութեան։ Դժբախտաբար, սակայն, ճամբորդութիւնը չէ իրականացած զանազան պատճառներով:
Աբրահամ անզուգական կը համարենք այն պատճառով, որ իր մարզական կեանքը չաւարտեց իր յառաջացած տարիքին բերումով, ինչպէս սովորաբար կ’ըլլայ բոլոր մարզիկներուն, նոյնիսկ աստղերուն պարագային։ Եղբայր Աբրահամի մարզական բնածին կարողութիւնն ու ձիրքը զինք յառաջացած տարիքին իսկ մղեցին այլ մարզախաղի։ Ան մուտք գործեց թենիսի աշխարհ՝ իր լայն դռնէն ու արձանագրեց երկարատեւ ախոյեանութիւններ՝ շշմեցնելով Սուրիոյ մարզական հասարակութիւնը։ Անոր աշխարհը կլանած էր մարզանքը։
Անզուգական էր նաեւ այն իմաստով, որ իր դիպուկ եւ հետեւողական, բծախնդիր ու յամառ աշխատանքով Սուրիոյ մակարդակի ախոյեաններ շնորհեց Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան, երբ ներկայացուց Սուրիոյ հաւաքականը արաբական եւ միջազգային մրցաշարքերուն: Իր մարզիկները երկիւղածութեամբ կը յիշատակեն մեծ մարզասէրն ու մարզիկ կերտող մշակը: Այդ ախոյեաններու փաղանգին մաս կը կազմեն հետեւեալները՝ Մարի Մուրատեան, Շուքրի Սուրուրեան, Դաւիթ Դաւիթեան եւ ուրիշներ:
Պարոն Աբրահամին մենք հանդիպեցանք ճեմարանի շրջափակէն ներս՝ իր եռուն ներկայութեամբ, ոչ որպէս լոկ սովորական մարզանքի տեսուչ, այլեւ մարզական միութեան մը մարզիչ, որուն կորովը սպառիլ չէր գիտեր։ Ան աշակերտութեան մէջ կ’ուզէր սերմանել մարմնամարզի սէրը, ֆութպոլի, վոլէյպոլի եւ պասքեթպոլի կողքին կը կատարէր աթլեթի իւրայատուկ մարզումներ, որոնց կողքին անհատական մարզումներու կ’ենթարկէր մարզիկները. մէկ խօսքով՝ ան կը նմանէր մեղուի, որ հանգստանալ չէր գիտեր:
Դպրոցական օրուան աւարտին կը սկսէին դասարանային մրցաշարքերը, որոնք ամբողջ դպրոցական տարեշրջանին կը շարունակուէին։ Մեր վարժարանի զանազան մարզախաղերու հաւաքականները կը մասնակցէին Հալէպի միջդպրոցական մրցաշարքերուն, վարժարանը ողողելով ախոյեանութեան բաժակներով։ Տակաւին դպրոցական կիսօրեայ դադարներուն ականատեսը կ’ըլլայինք այլ վարժարաններու այցելու խումբերու բարեկամական մրցումներուն։ Ահա այս բոլոր ծրագիրներու նուիրուած էր պարոն Աբրահամ։ Անոր վաստակը նիւթական փոխարժէքով կարելի չէ գնահատել, բառին ամբողջական իմաստով գործի մարդ էր ան եւ ցայտուն օրինակ բոլոր ժամանակներու համար:
Հալէպահայ մարզասէրներն ու իր աշակերտները վստահաբար կը յիշեն այդ յաղթանդամ մարզիկն ու մարզիչը, որ իր երթեւեկութիւնը ընդմիշտ կը կատարէր հեծանիւով՝ Նոր Գիւղի տունէն Ճեմարան, ապա ՀՄԸՄ պարտէզ (Ազիզիէ)։ Սովորական օր մը հանդիպեցանք իրարու պարտէզի դրան առջեւ, տարիքով բաւական յառաջացած էր. բարեւեցինք զիրար, իր որպիսութիւնը հարցուցի, հետաքրքրական ու անհասկնալի հոգեվիճակ մը կ’ապրէր՝ արցունքով փայլող աչքերով ու դողդոջուն շրթներով ըսաւ. «Ծանօթներս, հարազատներս բոլորը մահացան, ալ ես մէկը չեմ ճանչնար, մնացի մինակ…»։ Սա ահաւոր տխուր անդրադարձ մը թողուց վրաս։ Դժբախտաբար այդպէս ալ մինակ, տան մէջ մահացաւ՝ աշխարհէն կտրուած, անտէր, անտիրական: Ափաչափ միութենական ներկայացուցիչներ ներկայ գտնուեցան յուղարկաւորութեան:
Այսօր, հազարաւոր մղոններ հեռուէն կ’ուզեմ քուլիսային յուշարարութիւն մը կատարել՝ արդեօ՞ք կարելի է տարեշրջանի մը շրջանաւարտ փաղանգը անուանակոչել պարոն Աբրահամին անունով, ինչպէս այլոց, որպէս նուազագոյն խղճի պարտք ու հոգեկան բաւարարութիւն:
Իմ կարծիքով, պարոն Աբրահամ, որպէս ժամանակակիցը հայերէնաւանդ ուսուցիչ պարոն Մկրտիչ Մկրտիչեանի, համարժէք էր, որովհետեւ եթէ վերջինս կրթական մշակ էր, ան՝ մարմնամարզումի մշակ: Սերունդներ բախտաւորուեցան ճաշակելու նման հսկաներու խանդն ու անսպառ կորովը, չեմ գիտեր, սակայն, թէ ան ինչո՛ւ իր արժանի տեղը չէ գտած։ Պարտք կը համարեմ, որ նման տիտաններու անուան վրայ կուտակուած փոշին մաքրենք եւ փորձենք զիրենք պահել իրենց արժանի բարձունքին վրայ: Կը հաւատամ, որ սերունդի մը դաստիարակութեան գործընթացին մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունի արժանաւոր մարդը մեծարելու արուեստը, եթէ կ’ուզենք մենք զմեզ դասել քաղաքակիրթ հաւաքականութիւններու շարքին:
Վիգէն Գէորգեան