ՀԱՏՈՐԻՆ«Արտակարգ կարեւոր գործ է, ուր
Աքչամ թրքական պատմագիտութիւնը
կը դարձնէ «ֆէյք նիւզ»…»
Մարք Լեւին
Ցեղասպանագէտ
ՁՕՆ՝
Սիրելի՜ ընկերոջս՝ Հրանդ Տինքին:
Ան կ’երազէր ճշմարտութեան եւ արդարութեան
Հողին վրայ հաշտեցնել հայ եւ թուրք ժողովուրդները:
Այդ երազանքը չմեռաւ, երբ 2007-ին սպանեցին Հրանդը,
Ընդհակառակն. ան նոյնիսկ իր մահով հարիւր
հազարաւոր մարդիկ ոգեշնչեց շարունակելու իր գործը:
Գիրքը կը նուիրեմ նաեւ աղջկաս՝ Հելինին:
Ան ինծի յոյս կը ներշնչէ այն իմաստով, որ յաջորդ սերունդը ի զօրու է իրականացնել Հրանդին երազանքը եւ կերտել աւելի լաւ ապագայ:
Փրոֆ. Թանէր Աքչամի «Սպանութեան Հրամաններ -Թալէաթ Փաշայի Հեռագիրներն ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը-» 406 էջանի ակադեմական հրատարակութիւնը իր արխիւային փաստաթուղթերու անժխտելի ապացոյցներով կը ջլատէ ժխտողականներու Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման սին պնդումները եւ աւելի քան անհերքելի ցնցիչ փաստարկներով նոր որակ կը բերէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմագիտական հետազօտութիւններու ակադեմական բնագաւառին, ուր կաթողիկէ հոգեւորական Գրիգոր Կերկերեանի արխիւը՝ հիմք կը հանդիսանայ Թ.Աքչամի այս մեծարժէք աշխատասիրութեան, կտրականապէս հաստատելով, որ ճշմարտութիւնը կը տարբերի կարծիքէ եւ մեկնաբանութենէ, հետեւաբար ճշմարտութեան ժխտումը կը նշանակէ հերքումը հաստատուած փաստերու…: Հետեւաբար ըստ Թ.Աքչամի՝ այս գիրքը կը հետապնդէ որոշակի նպատակ, որ լուսարձակի տակ կը բերէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի քննարկումները՝ փաստերու եւ ճշմարտութեան յարաբերութեան տեսանկիւնէն, դիտել տալով միանգամայն, որ ամէն ցեղասպանութիւն իր իւրայատկութիւնները ունի, սակայն Հայոց Ցեղասպանութիւնը կ’առանձնանայ առնչակից ճշմարտութիւնները հերքելու երկարատեւ եւ անտեղիտալի ջանքերով:
Այս ուղղութեամբ, Փ. Թանէր Աքչամ իր գիրքին նախաբանով ուշադրութեան կը յանձնէ Մայքլ-Րոլֆ Թրույոյի (1949-1985) համապատասխան մեկնաբանութիւնը, որ իր «Լռեցնելով Անցեալը» գիրքով կը բացատրէ՝ թէ իշխանութիւնները ինչպէս կը գործեն պատմագրութիւնը ստեղծելու ընթացքին, ըսելով, որ պատմութիւնը գիտութիւն կը դառնայ չորս փուլերով՝
ա) Փաստերու ձեւաւորում (աղբիւրներու յստակացում)
բ) Փաստերու հաւաքում (արխիւներու կազմում)
գ) Փաստերու վերականգնում (պատումներու շարադրում)
դ) Յետադարձ արժեւորում (ամբողջական պատմութեան ստեղծում)
Թ.Աքչամ որպէս անշրջանցելի գործօն, Թրույոյի ցուցակին կը յաւելէ առանցքային փաստաթուղթերու ոչնչացման ու հերքումի, կամ անոնց կեղծ ըլլալը ապացուցող հինգերորդ փուլը, որուն մասին պէտք է ըսել, որ Ցեղասպանութեան ընթացքին ստեղծուած այս «փաստերը» ճշմարտութիւնը վերածած են սոսկ բազում «կարծիքներ»էն մէկուն… սակայն գաղտնիք չէ, որ թրքական ժխտողականութիւնը յայտնի է «իրականութեան ու ճշմարտութեան» նիւթական հիմքերը ոչնչացնելով, այս մասին Թ.Աքչամ իր այս յոյժ կարեւոր ակադեմական աշխատասիրութեան որպէս հիմք օգտագործելով Գրիգոր Կերկերեանի արխիւին տուեալները, հանգամանալից ապացոյցներով կը հաստատէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող Օսմանեան առանցքային փաստաթուղթերը կանխամտածուած կերպով ոչնչացուած են, եւ ո՛չ միայն այդքան, թաքցնելէ եւ ոչնչացնելէ ետք նաե՛ւ իշխանութիւններ նկրտած են ապացուցելու, որ մեղադրական իւրաքանչիւր փաստաթուղթ կեղծ է կամ բնօրինակը չէ… սակայն այս բոլորը փաստացի այլեւ առարկայական տուեալներով ապացուցելու իրականութիւնը կը կայանայ հայերու ոչնչացումը հրահանգող Թալէաթ Փաշայի հեռագիրներու ստուարածաւալ թղթածրարին մէջ, որուն ընդմէջէն Թ.Աքչամ լոյսին կը բերէ լռութեան դատապարտուած այնպիսի տեղեկութիւններ, որոնք յետ համապատասխան մեկնաբանութեան, ցոյց կուտան որ կարելի է «կարծիքի» ու «մեկնաբանութեան» թնճուկէն դուրս բերել 1915-ի իրադարձութիւններու արխիւային անժխտելի փաստեր ու փաստաթուղթեր:
Հայր Գրիգոր Կերկերեան ծնած է Կիւրին, Սեբաստիա (1911-1988): Ան եղած է իր ծնողներու 16 զաւակներէն ամենափոքրը եւ փրկուելով ստոյգ մահէ, աւագ եղբօր հետ կերպով մը հասած է Պէյրութ, ուր իր մանկութիւնը անցուցած է որբանոցի մէջ:
1925-ին ընդունուած է Զմմարի վանքի դպրատունը: 1930-ին, աւարտած է Պէյրութի Ս.Յովսէփի անուան համալսարանը, հուսկ, հետեւելէ ետք Հռոմի Լեւոնեան հիմնարկի Աստուածաբանութեան դասընթացքներուն, 1937-ին ձեռնադրուած է կուսակրօն վարդապետ եւ հաստատուած Գահիրէ, ուր ձեռնարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին դոկտորականի իր թեզի պատրաստութեան, ողջ կեանքը նուիրելով այդ նիւթի ուսումնասիրութեան: Իր հետազօտութիւններուն ընթացքին հանդիպած է քիւրտ Մուսթաֆա Փաշային (Նեմրութ Մուսթաֆա Փաշա), որ 1919-1922 եղած էր երիտթուրք պաշտօնեաներու դատական գործերը քննող ռազմական առաջին դատարանի (Divani Harbi Օrfi) դատաւորներէն մէկը եւ նախընթաց ձերբակալութեան մը ենթարկուած ըլլալուն համար, վախնալով նոր ձերբակալումէ փախած էր Գահիրէ, երբ 1922-ին թուրք ազգայնականները գրաւած էին Իսթանպուլը: Գ.Կերկերեանի հանդիպումը Օսմանեան նախկին դատաւորին հետ բեկումնային էր: Մուսթաֆա Փաշա կարեւոր տեղեկութիւններ հաղորդած էր երիտասարդ հոգեւորականին: Այդ տեղեկութիւններուն հետապնդումը, յայտնաբերումն ու հաւաքագրումը կեանքի պիտի կոչէին Գ.Կերկերեանի խիստ կարեւոր արխիւային թղթածրարը:
Հաղորդուած տեղեկութիւններուն համաձայն, երբ թուրք ազգայնականները գրաւած էին Իսթանպուլը, տեղւոյն Հայոց Պատրիարքարանը, ապահովութեան համար, իր ձեռք ձգած բոլոր փաստաթուղթերը ուղարկած էր Մարսէյլ, Ֆրանսա, որոնք յետագային առաքուած էին Մանչեսթըր, հուսկ հանգրուանած Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը: Գ.Կերկերեան մեկնելով Երուսաղէմ, Հայոց պատրիարքարանի գրապահոցներուն մէջ գտնուող համապատասխան փաստաթուղթերու ընդմէջէն յայտնաբերած եւ լուսանկարած է հայերու կոտորածներու հրահանգներ պարունակող բազմաթիւ հեռագիրներ, յետաքննութիւններու արձանագրութիւններ, զինուորականներու եւ քաղաքացիական պաշտօնեաներու յայտարարութիւններ, կասկածելիներու եւ ականատեսներու գրաւոր վկայութիւններ, նախքան դատական նիստերը տեղի ունեցած հարցաքննութիւններ, եւ այլն….
Գրիգոր Կերկերեան 1950-ին մեկնած է Փարիզ, Պօղոս Նուպար Փաշայի անուան գրադարանին մէջ իր հետազօտութիւնները շարունակելու, ուր գտած եւ լուսանկարած է Հալէպի տեղահանութեան տնօրէնութեան (Halep Sevkiyat Mudurlugu) քարտուղար Նայիմ Էֆէնտիի յուշերն ու Թալէաթ Փաշայի հեռագիրները, որոնց մասին է փրոֆ. Թանէր Աքչամի ակադեմական այս հսկայածաւալ աշխատասիրութիւնը:
Ըստ Թ. Աքչամի. «Ցեղասպանութեան մասին, նիւթերու առումով Գրիգոր Կերկերեանի արխիւը փաստագրական անփոխարինելի աղբիւր է, որովհետեւ Երուսաղէմի պատրիարքարանի արխիւները փակ են հետազօտողներու համար, իսկ Պօղոս Նուպար Փաշայի գրադարանի կարեւորագոյն փաստաթուղթերը անհետացած են, հետեւաբար չափազանց կարեւոր է Գ. Կերկերեանի հաւաքածոյի նիւթերուն հնարաւորինս հանրայնացումը: Այս նպատակով ԱՄՆ-ի «Քլարք» համալսարանին մէջ սկիզբ առած է «Գրիգոր Կերկերեանի արխիւի նախագիծը» 2017-ի վերջերուն յիշեալ արխիւի ամբողջական հաւաքածոն համալսարանի կայքին վրայ տեղադրուելէն ետք, ուր կարելի է առցանց ծանօթանալ անոր ողջ բովանդակութեան»:
Գրիգոր Կերկերեանի արխիւէն, Նայիմ Էֆէնտիի լուսապատճենուած երկու հեռագիրներ մաս կը կազմեն Թ. Աքչամի «Սպանութեան Հրամաններ» հատորի ներածականին: Այդ հեռագիրները յիշատակուած են «Իթթիհատ վէ Թերաքքը» (Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն) կուսակցութեան ղեկավարութեան 28 Ապրիլ 1919-ի մեղադրական արձանագրութեան մէջ, իսկ օրին հրապարակուած էին Օսմանեան օրկանի «Takvimi Vekay»-ի 3540-րդ թիւով, ուր յստակօրէն կ’ապացուցուի օսմանեան կառավարութեան ցեղասպան մտադրութիւնը:
Առաջին հեռագիրը՝ երրորդ զօրամասի հրամանատար Մահմուտ Քամիլ Փաշայի, 24 Յուլիս 1915-ի հրամանագիրն է, ուր կ’ըսուի. «Արդէն պարզ է, որ որոշ քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ մուսլումաններ կը թաքցնեն տեղահանուած հայերը, հետեւաբար անհրաժեշտ է իրենց տան շէմին մահապատիժի ենթարկել եւ տունը հրդեհել այն մուսլումաններուն, որոնք ոտնահարելով կառավարութեան հրահանգները կը թաքցնեն կամ կը պաշտպանեն հայերը: Ըստ հրահանգներուն, տեղեակ պահեցէ՛ք այս գործին մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերը եւ հետեւեցէ՛ք ու հետապնդեցէ՛ք հայերու տեղահանման գործընթացին: Իսլամ ընդունած հայերը եւս պէտք է գաղթի ենթարկել: Եթէ հայերը պաշտպանողները մաս կը կազմեն զինեալ ուժերուն, անյապաղօրէն տեղեակ պահեցէ՛ք համապատասխան գերատեսչութիւնները: Մեղադրանքը ապացուցուելու պարագային, անոնք պէտք է հեռացուին եւ պատիժի ենթարկուին: Նման յանցագործութիւններով մեղադրուող վարչական պաշտօններ զբաղեցնողները եւս պէտք է յանձնուին ռազմական դատարաններուն, ըստ օրինի դատուելու համար»: Մեղադրական արձանագրութեան մէջ այս փաստաղուղթը դասակարգուած է որպէս «Թիւ 13 թղթածրար, առաջին փաստաթուղթ», որուն վերեւ դրուած է Ներքին Գործոց Նախարարութեան անվտանգութեան վարչութեան կնիքը, իսկ ներքեւը՝ Ներքին Գործոց Նախարարութեան կնիքը եւ 1919 Փետր. 23 թուագրումով «հաստատուած բնօրինակ» գրութիւնը: Արդէն կասկածէ վեր է, որ փաստաթուղթը բացարձակապէս իրական է…:
Այս պարունակին մէջ, Գրիգոր Կերկերեանի արխիւը ուշադրութեան կը յանձնէ նաեւ Մահմուտ Քեմալ Փաշայի 1 Օգոստոս 1915-ին ուղարկած երկրորդ հեռագիրը, որ կը միտի 24 Յուլիսի հեռագիրին յառաջացուցած տարընթերցումներու յստակացումը կատարել ըսելով որ. «Խիստ որոշումներ առնուած են մահապատիժի ենթարկելու անոնք, որոնք կը թաքցնեն գաղթի ենթակայ հայեր…», պարզաբանելով, որ «այս որոշումը չի վերաբերիր այն մուսլումաններուն, որոնք իրենց տուներուն մէջ ապաստան կու տան կառավարութեան որոշումով՝ պաշտօնապէս իրենց տրուած հայ կանանց ու երեխաներու… պատիժը կը վերաբերի այն մարդկանց, որոնք ապաստան կու տան հայերուն, առանց կառավարութեան գիտութեան…»: Այս հեռագիրը ինքնին կ’ապացուցէ, որ որոշ թիւով մուսլումաններ, զանազան գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ ապաստան տուած են հայերու, հետեւաբար, այս պատճառով իսկ կանխելու համար տուեալ խոցելի երեւոյթը, կառավարութիւնը ստիպողաբար դիմած է ծայրայեղ քայլերու՝ մահապատիժի եւ խնդրոյ առարկաներու տուները հողին հաւասարեցնելու իր սպառնալիքներով…:
Երկրորդ գլխաւոր հեռագիրը (4 Յուլիս 1915) կը վերաբերի երիտթուրքերու կեդրոնական կոմիտէի անդամ ու «Յատուկ Կազմակերպութեան» (Teskilati Mahsuse) ղեկավար Պեհաէտտին Շաքիրի հայերու բնաջնջման գործի համակարգումին: Հեռագիրին վերեւի աջ կողմը դրուած է Ներքին Գործոց Նախարարութեան քաղաքացիական կառավարման վերահսկիչ մարմինի պաշտօնական կնիքը, որ ինքնին կը հաստատէ փաստաթուղթին իսկութիւնը:
Պեհաէտտին Շաքիր հեռակայ կարգով մեղադրեալի կարգավիճակ ունեցած է յետպատերազմեան դատավարութիւններուն՝ երիտթուրքերու ղեկավարներու Իսթանպուլի գլխաւոր դատավարութեան եւ Մամուրեթեուլազիզի (Խարբերդ) դատավարութիւններուն մէջ, երկու պարագաներուն ալ քրէական հետապնդման համար, որպէս ապացոյց օգտագործուած է անոր 4 Յուլիս1915-ի հեռագիրը եւ մեղադրական գլխաւոր արձանագրութեան մէջ ան մէջբերուած է ամբողջութեամբ եւ կոչուած «գաղտնագրուած հեռագիր», նշելով նաե՛ւ, որ հեռագիրին լուսանկարուած տարբերակը կը գտնուի դատավարութեան «9-րդ թղթածրար»-ին մէջ: Հետագային Էրզրումի նահանգապետը Թահսին Պէյ նշած է, որ Պ. Շաքիրին տրուած գաղտնագրման բանալիներէն մէկը կը պատկանէր Ներքին Գործոց Նախարարութեան, աւելցնելով, որ Շաքիր հեռագիրները կը յղէր «Յատուկ Կազմակերպութեան Ղեկավար» ստորագրութեամբ: Ըստ Թ. Աքչամի. «…Այստեղ կարեւորութեամբ պէտք է շեշտել, որ այս փաստաթուղթերու բովանդակութիւնն ու գոյութիւնը ընդունուած են դատարանին կողմէ եւ երբեք վիճարկումի չեն ենթարկուած տրուած ըլլալով անոնց կրած պաշտօնական կնիքներու եւ արաբական քառանիշ թիւերու առկայութիւնը, որոնց համարժէք բառը կամ վերջածանցը նշուած է իւրաքանչիւրին վերեւ, օրինակ՝
Ermeni (հայ) {8519}, Sevk (տեղահանութիւն) {4889}, Yalniz (միայնակ) {4632},
leri (յոգնակերտ ածանց) {9338}, im (առաջին դէմքի պատկանելիութիւնը ցոյց տուող վերջաւորութիւն {7749}, եւ այլն…»:
Թ. Աքչամի եզրակացութեամբ. «…Այս փաստաթուղթերուն ի յայտ գալը ժխտողականութեան ռազմավարութեան ուղղուած հզօր հարուած է, առիթ ստեղծելով լոյսին բերելու այս հատորը, որ արխիւային անհերքելի փաստարկներով կուգայ հաստատելու Թալէաթ Փաշային հեռագիրներուն բնօրինակներ ըլլալու իրականութիւնը…»:
* * *
Պէտք է ըսել, որ այս հակիրճ ու սեղմ անդրադարձը կը վերաբերի փրոֆ. Թ. Աքչամի «Սպանութեան Հրամաններ -Թալէաթ Փաշայի Հեռագիրներն ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը-» ակադեմական այս ցնցիչ աշխատասիրութեան նախաբանի լոկ մէկ հատուածին՝ «Գրիգոր Կերկերեանն ու Իր Արխիւը» ենթավերնագրով:
Հարկ է պատմագիտական այս հատորի բաղկացուցիչ իւրաքանչիւր մասին անդրադառնալ այն լրջութեամբ, զոր կը թելադրէ ակադեմական մակարդակով հետազօտուած հատորին լուրջ բովանդակութիւնը:
Սալբի Գասպարեան