Երեքշաբթի, 11 Յունուար 2022-ին, «Շամ Թայմզ» հաղորդեց, որ իրանեան տնտեսական պատուիրակութիւն մը Դամասկոս պիտի ժամանէ այսօր, նախագահութեամբ՝ Իրանի ճանապարհային եւ բնակարանային հարցերու նախարար Ռոսթոմ Քասիմիի։ Այցելութեան նպատակն է Սուրիոյ եւ Իրանի գործակցութեան միջոցները զարգացնել։ Իրանցի երեսփոխաններէ բաղկացող սոյն պատուիրակութիւնը Սուրիա պիտի մնայ մինչեւ յառաջիկայ Հինգշաբթի, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ սուրիացի քաղաքական գործիչներու հետ։ Վերջերս, Նախարար Քասիմի իրանեան կողմին սուրիական-իրանեան միացեալ տնտեսական յանձնախումբին նախագահութիւնը ստանձնեց, նախկին նախարար Մուհամմէտ Իսլամիի փոխարէն։