Դպրոցէն վերադարձայ յոգնած, անօթի։ Լսեցի անցանկալի հիւրի մը ծանօթ ձայնը։ Տիկին Սանդուխտին ձայնն էր, մեր ընտանիքին հին բարեկամուհիին՝ «լրաբեր կնիկ»-ին։ Տուն մտայ ու առ ի յարգանք բարեւեցի զինք։
Ուշադրութիւնս գրաւեց գոյնզգոյն, իր գլխուն անհամապատասխան գլխարկը, որ դրած էր տարօրինակ պայուսակին մօտ։ Աստուած գիտէ, թէ ուրկէ՞ կամ որմէ՞ նուէր ստացած էր։
Գլխուն մէջ կարծէք պայթուցիկ մը պայթած ու աջ-ձախ տարտղնած ըլլար մազերու փունջը, յօնքերը՝ հաստ, խիտ եւ սեւ։ Տարիքը մօտաւորապէս վաթսուննոց, լեզուն սակայն՝ այնքա՜ն անուշ եւ փաղաքշանքով զարդարուն, որ կեղծաւորութիւն կը բուրէր։
Սենեակս անցայ գիրքերս տեղադրելու։ Երբ վերադարձայ սկսաւ իր հետաքրքրասիրութեան յագուրդ տալ.
-Բարեւ, հոգեա՛կս, լա՞ւ ես։
-Լաւ եմ, դո՞ւք ինչպէս էք,- առ ի քաղաքավարութիւն կարճ պատասխան մը տուի, փորձելով փախուստ տալ իր ակնկալուող հարցումներէն։
-Ամա՜ն, հոգի՛ս, լաւ ըսեմ, որ լաւ ըլլամ. դասերդ ինչպէ՞ս են։
-Բաւական դժուար։
– Ղուրպանդ ըլլամ, ձագո՛ւկս, դասերդ լաւ սորվէ՛, մեր օրերուն վեցերորդ կարգէն վերջ, աղջիկները տունը կը նստէին եւ իրենց բախտին կը սպասէին։ Դուք բախտաւոր էք։ Ամէն բան դիւրին է հիմա։ Սորվեցէ՛ք ու տեղ մը հասէ՛ք,- ըսաւ ու վերադարձաւ զինք հետաքրքրող բամբասանքներուն։ Հեռատեսիլի հաղորդավարը մէկ կողմէն քաղաքական լուրեր կը հաղորդէր, տիկին Սանդուխտը միւս կողմէն իր ծանօթները կը բամբասէր։ Սուրճը  աւարտեց ու տհաճ խօսակցութիւնն ալ դադրեցուց, ապա արդարացնելով իր հետաքրքրասիրութիւնը  ըսաւ.
-Ես չեմ սիրեր բամբասել։ Ըրածս բամբասանք չէ, պարզապէս կ’ուզեմ շուրջիններս զբաղեցնել։
Փաստօրէն տիկին Սանդուխտ Հալէպի մէջ չէր ձգած տուն մը, ուր չէր մտած։ Ո՞վ նշանուած էր, ո՞վ՝ ամուսնալուծուած, ո՞վ անդի աշխարհ գացած էր, ո՞վ… ամէն բանէ տեղեակ էր։
Կէսօր եղաւ արդէն։ Հայրս ճաշի եկաւ։Երբ մեր հիւրը դրան ձայնը լսեց, պահ մը լեզուն կուլ տուաւ։ Մեկնելու փորձ մը ըրաւ, սակայն երբ հայրս տեսաւ, հանգիստ ժպիտով բարեւեց ու կրկին նստաւ իր տեղը։
– Օօօ՜ , ելլեմ երթամ, ժամը քանի՞ է որ։ Ուֆ, երկու եղեր է, ժամանակը սահեր է ու չեմ անդրադարձած,- ըսաւ՝ այս անգամ ալ արդարացնելու մեր առօրեայէն երկար ժամեր անիմաստ ըսի-ըսաւներով խլած ըլլալը։
-Մնացէ՛ք, միասին ճաշենք…,-  ըսաւ մայրս առ ի քաղաքավարութիւն։
-Չէ՛, չէ՛, երթամ, շնորհակալութիւն,- ըսաւ, բայց մնաց ու նստանք ճաշի։
Կարգը հասած էր հօրս։
-Է՜, եղբա՛յր Գէորգ, ի՞նչպէս ես, գործերը լա՞ւ են։
-Լաւ են, փա՜ռք Աստուծոյ,- դժգոհելու տեղիք չտալու համար կարճ պատասխան մը տուաւ հայրս։
Ու տիկին Սանդուխտ այս անգամ շուկայէն սկսաւ խօսիլ.
-Կանաչը բարձրացեր է, դեղինն ալ սղեր, կանաչին քոյրիկն ալ բարձրացեր է կ’ըսեն։
Բան չհասկցայ ըսածներէն։ Շուկայի բառամթերքին ծանօթ չէի, ինք գերազանցած էր զիս այս մարզին մէջ։
Հայրս փորձեց բացատրել.
-Կանաչը տոլարն է, իսկ քոյրիկը՝ Եւրօն, դեղինն ալ ոսկին է, աղջի՛կս։
Ու այս անգամ արհեստաւորները հետաքրքրող լուրեր սկսաւ հաղորդել մեր անկոչ հաղորդավարը.
– Երկաթը սղած է, սաճը, պէնզինը, ամէն ինչ։ Ու՞ր  պիտի հասնինք վերջը, չեմ գիտեր, եղբա՛յր Գէորգ։
– Ի՞նչ ընենք, կեանքը դժուար է, իսկ մարդ արարածը միշտ պէտք է պատրաստ ըլլայ ամէն դժուարութիւն դիմագրաւելու,- համբերատար հայեացքով մը կը պատասխանէր հայրս։
Ո՛չ հայրս, ոչ ալ մայրս կ’այպանէին տիկին Սանդուխտը։ Անոնք պարզապէս կը խղճային իրեն, գիտէին որ առանձին կ’ապրի ու տուն-տուն պտտելով կը փորձէ իր դատարկ առօրեային գոյն մը տալ, միեւնոյն ատեն օրուան ճաշն ու ընթրիքն ալ ապահովել իր դրամագլուխը համարող բամբասանքով։
Ճաշը աւարտեցինք։ Արդէն կէսօրուան ժամը երեքն էր, իսկ մեր հիւրը ժամը երեքուկէսին այլ ժամադրութիւն մը ունէր։ Գլուխը քերելու ժամանակ չունէր։
– Ո՞ւր է վերարկուս, տուէ՛ք երթամ։
– Մնաք բարով,- ըսաւ ու կարեւոր ժամադրութեան մը հասնելու աճապարանքով, առանց շնորհակալութիւն մ՛իսկ յայտնելու մեկնեցաւ։
– Այս կողմերը երբ որ այցելեմ, կը հանդիպիմ անպայման, ձեզ շատ կը սիրեմ,- ըսաւ ու մեր առօրեային վերաբերող բաւական լուր հաւաքելով մեկնեցաւ այլ կայան մը՝ շարունակելու իր լրատուական առաքելութիւնը։
Հազիւ դուռը փակուեցաւ, նկատեցի, որ հայրս ու մայրս գլխացաւի նոյն դեղահատը կ’որոնեն։
Այսպէս կ’անցընէր տիկին Սանդուխտ իր ամբողջ օրը, եւ մէկուն լուրերը միւսին ծախելով,  «լրատուական» իր աշխատանքին հասոյթը կ’ապահովէր։
Սիլվի Չիթճեան