Ակնթարթի պէս գլորեցան վեց տարիները, եւ ես դարձայ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի 2021-ի շրջանաւարտ։ 
Դպրոցական շրջանիս երբեք չէի մտածած, թէ արդեօք պիտի կարօտնա՞մ դպրոց յաճախելը, արդեօք պիտի ցանկա՞մ ձմրան պաղ օրերուն առտու կանուխ արթննալով  երբեմն զանգին հետ, երբեմն ալ ուշացած դպրոց հասնիլ կրկին…
Հիմա եթէ հարցնեն ինծի, առանց տատամսելու կը պատասխանեմ.
-Թէեւ դպրոցական օրերուս կը փափաքէի, որ վերջ գտնէին մեր դպրոցական պարտականութիւնները, բայց արդէն կարօտցած եմ ճեմարանի տաքուկ մթնոլորտը, շատ սիրելի դասընկեր-դասընկերուհիներս, ներող ուսուցիչներս եւ դաստիարակներս, նոյնիսկ անոնց դիտողութիւններն ու պատիժները։ 
Երազի մը պէս անցաւ ամավերջի հանդէսին ուրախութիւնը, իսկ հանդէսի աւարտին աւանդութիւն դարձած «Վերջին Զանգը» այս անգամ արցունքոտ աչքերով երգեցի եւ  իւրաքանչիւր բառը յուզեց հոգիս.
Եւ ինձ հետ միշտ կը մնան անմոռաց 
Անբաժան յուշերը դպրոցական
Օրագիր, պահարան։
Ի՜նչ ուրախ էր, ի՜նչ անհոգ,
Թէ ձմեռ էր եւ թէ շոգ
Թէ տանիք էր՝ հայրական եւ թէ տուն՝ նուիրական։
 
Ու հնչեց զանգը, հնչեց
Ու հնչեց վերջին անգամ, վերջին։
Ծաղիկներով, մի քիչ թաց աչքերով,
Կարօտելու ենք մենք դպրոցն ու բոլորին,
Բայց ի՜նչ առած, պիտի գնանք
Մնաք բարով…
 
Պարտք կը զգամ շնորհակալութիւն յատնել ուսուցիչներուս, դաստիարակիս, տնօրէնութեան, ծնողքիս եւ բոլոր անոնց, որոնք օգնեցին, որ ես կարենամ բարձրագոյն նիշով յաջողիլ պետական քննութեան եւ հաստատ քայլերով ուղղուիլ երազներուս իրականացման։
Սիրելի՛ ճեմարան, կը խոստանամ դպրոցական յիշատակներս մասունքի պէս պահել սրտիս մէջ։ Շնորհակալ եմ, որ քաղցրացուցիր օրերս:
Արդեօք կրնա՞ս առիթ տալ, որ  գոնէ  մէկ օր կրկին  աշակերտ դառնամ տաքուկ յարկիդ տակ։
Վանայ Պարմաքսզեան