ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականը ռումանացի մարզիչ Թիթայի գլխաւորութեամբ Հալէպի մէջ կատարեց իր երկրորդ ուսումնամարզական հաւաքը: Ընթացքին հաւաքականը կատարեց երկու բարեկամական հանդիպումներ Թշրինի եւ Իթթիհատի կազմերուն հետ:
– Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանական մրցումներուն, Կիրակի օր ՀՄԸՄ-ի աղջկանց կազմը իր դաշտին վրայ 77-61 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Հուրիէի խումբէն: ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը եւս կրեց ծանր պարտութիւն մը 96-61 արդիւնքով զիջելով Սքէքին:
– Միջազգային Ֆութպոլի Դաշնութիւնը՝ FIFA-ն, նամակով մը վաւերացուց Մուլհէմ Պապոլիի միացումը Սուրիոյ հաւաքականին:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԱՖԱՅԷԼ ՆԱՏԱԼ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ՄԵԼՊԸՐՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ
Սպանացի թենիս խաղացող Ռաֆայէլ Նատալ Կիրակի օր ձեռք ձգեց Աւստրալիոյ Մելպըրնի թենիսի մրցաշարքի ախոյեանութիւնը, աւարտական մրցումին պարտութեան մատնելով ամերիկացի Մաքսիմ Քրեսին: 35 տարեկան խաղացողը, որ ներկայիս կը գրաւէ աշխարհի արհեստավարժ խաղացողներու 6-րդ հորիզոնականը, 6-7 եւ 6-3 կէտերով կրցաւ տիրապետել արդիւնքին:
Աւելցնենք, որ Մելպըրնի մրցաշարքը միջազգային Կրանտ Սլամի մրցումներու առաջին փուլն է:

ՌԷԱԼ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԳՐԱՒԵԼ ԱՌԱՋԻՆ ԴԻՐՔԸ
Սպանիոյ ախոյեանութեան 21-րդ փուլի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ շարունակելով իր յաղթարշաւը 4-1 արդիւնքով կրցաւ պարտութեան մատնել իր մրցակից Վալենսիան: Ռէալի կոլերը նշանակեցին Քարիմ Պենզեման եւ Վենիսիոս Ժենիորը՝ իւրաքանչիւրը երկու կոլ: Քաթալոնէական Պարսելոնան անգամ մը եւս ձախողեցաւ յաղթական աւարտել իր հանդիպումը, 1-1 հաւասարութեամբ եզրափակելով Կրանատայի հետ մրցումը: Կրանատան հաւասարութեան կոլը նշանակեց 90-րդ վայրկեանին:

ԶԵՆԱՏՏԻՆ ԶԻՏԱՆ ԱՄՐԱՆ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ ՓՍՃ-Ի ՄԱՐԶԻՉ
Sport.es-ը տեղեկացուց, որ ֆրանսական Փարիզ Սան Ժերման համաձայնութեան հասած է Զենատտին Զիտանի հետ։ Ռէալ Մատրիտի նախկին գլխաւոր մարզիչը փարիզեան ակումբի գլխաւոր մարզիչ պիտի նշանակուի ամրան՝ փոխարինելով արժանթինցի Մաուրիսիօ Պոչետինոն: 49-ամեայ ֆրանսացի մասնագէտը 2021 թուականի ամրան արքայական ակումբէն հեռանալէ ետք հեռու էր մարզիչական աշխատանքէ։ Ան Ռէալին հետ նուաճած է 11 տիտղոս։

Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան