Եթէ պրպտենք Հալէպի հայ գաղութին յետեղեռնեան շրջանի հարիւրամեայ պատմութիւնը ու մասնաւորաբար՝ հոն հրատարակուած հայերէն պարբերականներու ցուցակները, պիտի հաստատենք, որ Սփիւռքի այս մայր գաղութին մէջ լոյս ընծայուած են եօթը հայերէն ՕՐԱԹԵՐԹԵՐ:
Օրաթերթերու հրատարակութիւնը Հալէպի մէջ սահմանափակուած կը մնայ 45 տարուան ժամանակաշրջանի մը ծիրով, որ կ’երկարի 1918-1963: Այս վերջին թուականէն ասդին, առ այսօր, անթոյլատու պայմաններու բերումով՝ Հալէպ հայերէն օրաթերթ չէ ունեցած բնաւ: Օգտուած է սակայն լիբանանահայ դրացի մամուլէն, գրեթէ օրը-օրին ստանալով «Ազդակ»ը, «Զարթօնք»ն ու «Արարատ»ը:
Հալէպի մէջ հրատարակուած եօթը հայատառ օրաթերթերը, ժամանակագրական կարգով, հետեւեալներն են. «Հայ Ձայն» (1918-1919), «Տարագիր» (1918-1919), «Սուրիական Մամուլ» (1922-1927), «Եփրատ» (1927-1949), «Սուրիա» (1946-1960), «Արեւելք» (1946-1963) եւ «Նոր Սերունդ» (1951-1953):
Ինչպէս կը տեսնուի, հալէպահայոց անդրանիկ հայերէն օրաթերթը «Հայ Ձայն»ն է, որ թէեւ քանի մը ամսուան կարճատեւ կեանք ունեցած է միայն, բայց որուն երեւումը ուշագրաւ եղած է ի՛ր ժամանակաշրջանին մէջ, մանաւանդ որ զայն հրատարակող ու խմբագրող անձը ծանօթ մտաւորական մըն էր՝ կրթական մշակ ու մամլոյ երկարամեայ գործիչ Սեդրակ Կէպէնլեան:
Մեր այս յօդուածով լուսարձակ կը բանանք Կէպէնլեանի ու իր հրատարակած թերթին վրայ՝ լումայ մը նետելով Հալէպի հին շրջանի պատմութեան գանձանակին մէջ…:
ՀԱԼԷՊ՝ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՎԱՂՈՐԴԱՅՆԻՆ
Որբերու ու տասնեակ հազարաւոր հայ գաղթականներու հաւաքավայր մըն էր Հալէպ 1918-ին: Հո՛ս կ’ապաստանէին բոլոր անոնք՝ որոնք կը յաջողէին փրկել իրենց մորթը հայաջինջ կոտորածներէն կամ դէպի Տէր Զօր ուղղուող կարաւաններէն…: Քաղաքը, իբրեւ թեմ, Սիսի Կիլիկեան Աթոռին հին ու պատմական վիճակներէն մին էր, ունէր եկեղեցի, առաջնորդարան ու դպրոց՝ յարակից ազգային մարմիններով օժտեալ: Թեմը շարժման անցուցած էր իր ամբողջ կարողականութիւնը՝ գիրկ բանալու համար հայ մեծաթիւ գաղթականութեան:
1918-ն անկիւնադարձային փուլ մը կը նշէր Սուրիոյ պատմութեան համար եւս: Վերջ կը գտնէր Ա. Աշխարհամարտը ու Օսմանեան կայսրութեան քայքայումով՝ Սուրիոյ վրայէն կը վերնար թրքական դարաւոր տիրապետութիւնը: Անգլիացիք, առիթէն օգտուելով, կը գրաւէին Հալէպը: Ի հետեւումն 1916-ին Հիճազի մէջ բռնկած Արաբական (հակաօսմանեան) Մեծ Յեղափոխութեան, արաբ զինուորական գումարտակներ եւս Սուրիա կը մտնէին 1918 Հոկտեմբերին՝ գլխաւորութեամբ իշխան Ֆէյսալի (Մէքքէի Շէրիֆ Հիւսէյնի որդին ու ապագայ Ֆէյսալ թագաւորը), որ Դամասկոսի ու Հալէպի մէջ կ’արժանանար ժողովրդային համակրական ցոյցերու, իբրեւ երկրին ապագայ վեհապետը: Կը յայտարարուէր արաբական կառավարութեան մը կազմութիւնը:
Իշխանը, առաջին օրէն, իր զօրակցութիւնը կը յայտնէր տեղական արաբական մամուլին: Դամասկոսի մէջ, ան իր մօտ կը հրաւիրէր բոլոր թերթերու հրատարակիչները ու կը խնդրէր անոնցմէ՝ զարկ տալ ազգային գաղափարախօսութեան: Կոչ կ’ուղղէր նաեւ՝ որ օսմանեան շրջանին խափանուած արաբերէն թերթերը վերահրատարակուին:
Ահա այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ, Հալէպ հասած կիլիկեցի երիտասարդ հայ մտաւորական մը՝ Սեդրակ Կէպէնլեան, կը ձեռնարկէր հայերէն օրաթերթի մը հրատարակութեան, զայն կոչելով «Հայ Ձայն»: Ոչ միայն հայկական առաջին օրաթերթն էր ասիկա Հալէպի մէջ, այլեւ՝ տեղւոյն հայերէն անդրանիկ տպագիր պարբերականը:
«ՀԱՅ ՁԱՅՆ»-Ի ՔԱՌԱՄՍԵԱՅ ԿԵԱՆՔԸ 
Լոկ չորս ամսուան կեանք մը ունեցաւ «Հայ Ձայն»:
Սեդրակ Կէպէնլեան, որ Տէօրթ-Եոլի զաւակ էր, գաղթի օրերուն Հալէպ ապաստանելով՝ բնակութիւն կը հաստատէր քրիստոնէաբնակ Սալիպէ թաղամասին մէջ, մարոնիներու եկեղեցիին մօտ՝ Հարթ Զապպալ, իբրեւ վարձուոր: Ընդարձակ բակով տուն մըն էր իրը, որուն սենեակներէն մին Կէպէնլեան վերածեց տպարանի՝ ապահովելով հնօրեայ մամուլ մը ու հայերէն կապարէ տառեր, նիւթական կարեւոր օժանդակութեամբ իր գաղափարակից ընկերոջ ու հայրենակցին՝ Մարտիրոս Տէր Ստեփանեանի (հետագային, կարճ շրջան մը՝ «Եփրատ»-ի խմբագիր, մհ.՝ 1962-ին, Երեւան): Տպարանը կոչուեցաւ «Հայ Ձայն»:
Բայց Կէպէնլեանի բո՛ւն նպատակը թերթ հրատարակելն էր, եւ ատիկա իրականացնելու համար՝ անհրաժեշտ էր պաշտօնական արտօնագիր ձեռք բերել տեղական անգլիական իշխանութիւններէն: Դժուարութիւնները հարթուեցան հռչակաւոր Օթէլ Պարոնի սեփականատէրերուն՝ Մազլումեան եղբայրներու օժանդակութեամբ: Եւ այսպէս, 13 Նոյեմբեր 1918-ին լոյս ընծայուեցաւ «Հայ Ձայն» լրագրին Ա. թիւը, իբրեւ «ազգային, քաղաքական, գրական հայաթերթ»:
«Հայ Ձայն» կուսակցական օրկան մը չէր, սակայն իր խմբագրին կուսակցական պատկանելիութեան բերումով՝ ան բնականաբար ունէր ռամկավար թեքում ու գաղափարախօսութիւն: Այս պարագան ենթակայ չէ դոյզն կասկածի, տրուած ըլլալով որ՝ երբ թերթն ու խմբագիրը Ատանա կը փոխադրուէին 1919-ի գարնան, անիկա արդէն կը դառնար ՌԱԿ-ի Կիլիկիոյ շրջանի պաշտօնաթերթը:
«Հայ Ձայն»-ի հաւաքածոներ պահպանուա՞ծ են, թէ ոչ, կ’անգիտանանք (Հալէպի մէջ չկայ): Անձնապէս տեսած ենք թերթին քանի մը թիւերը միայն, որոնք բաւարար չեն անշուշտ կատարեալ գաղափար մը կազմելու անոր բովանդակութեան մասին: Թերթը երբեմն լոյս ընծայուած է երկու, երբեմն ալ՝ չորս էջով: Տառերը հնամաշ են, թուղթը՝ ցածորակ, տպագրութիւնը՝ անխնամ: Խմբագիր Կէպէնլեան ունի առաջնորդող յօդուածներ: Կան փոքրածաւալ ծանուցումներ ալ: Ըստ «Պատմութիւն Սուրիոյ Հայ Տպարաններու» հատորին (1973), թերթին աշխատակիցները եղած են Ռեբեկա Կէպէնլեան (խմբագրին կողակիցը), փրոՖ. Հայկազուն Արամեան, Միքայէլ Նաթանեան, Մարտիրոս եւ Միհրան Տէր Ստեփանեան, Արամ Գիտակից, Միհրան Աղազարեան, Վ.Ս. Էլմասեան եւ ուրիշներ:
Լիբանանահայ ողբացեալ մատենագէտ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան «Հայ Ձայն»-ի բովանդակութեան մասին կը կատարէ հետեւեալ նշումը.
– Թերթը մեծ մասամբ կ’անդրադառնայ հայ գաղթականներու վիճակին, անոնց իտէալներուն, հայկական հողային պահանջներուն, օտար տէրութեանց հայանպաստ արտայայտութիւններուն: Սուրիոյ հողին վրայ հայ գաղթականներուն կայքը ժամանակաւոր կը նկատուէր: Դաշնակից պետութեանց յաղթանակին մէջ հայութիւնը կը տեսնէր նաեւ ի՛ր յաղթանակը, որովհետեւ թէ՛ Կովկասի եւ թէ արեւմտեան ճակատներուն վրայ՝ հայութիւնը թափած էր իր արիւնը եւ կը սպասէր, որ Օսմանեան Կայսրութեան անդամահատումով ստեղծուէր Մեծ Հայաստանը. մանաւանդ Կիլիկիան տրուէր հայոց եւ Սուրիոյ հայութիւնը, որ մեծ մասով կազմուած էր կիլիկեցի հայերէ, վերադառնար իր երկիրը եւ սկսէր շինարար աշխատանքի:
Թերթին հրատարակութիւնը կը շարունակուի մինչեւ յաջորդ տարուան գարնանամուտը, երբ տէր եւ տիկ. Կէպէնլեան կը փոխադրուին Ատանա, իրենց հետ տանելով նաեւ «Հայ Ձայն»-ը:
Ո՞Վ ԷՐ ՍԵԴՐԱԿ ԿԷՊԷՆԼԵԱՆ
Կէպէնլեան մամուլի վաստակաւոր ծառայող մըն է ու միաժամանակ՝ ՌԱԿ-ի հին շրջանի հաւատաւոր ու երէց գործիչներէն մին:
Իր մահէն (1962) անցեր է արդէն շուրջ 60 տարի, սակայն դժբախտաբար, առ այսօր, կենսագրական գոհացուցիչ տուեալներ չեն մեկտեղուած իր մասին: Յովիկ Էօրտէքեանի «ՌԱԿ-ի Մամուլի Խմբագիրները» հատորը (Երեւան, 2005) եւ Թորոս Թորանեանի «Չորք-Մարզպանցի Հայ Գիրի եւ Մամուլի Դէմքեր» գիրքը (Պէյրութ, 1987) թէեւ անդրադարձումներ ունին իր մասին, սակայն անոնք անբաւարար ու պակասաւոր են, այլեւ՝ անորոշութիւններով լեցուն…:
Կուսակցական արխիւներու եւ մամլոյ հաւաքածոներու լայնածիր ուսումնասիրութիւն մը հարկաւոր է՝ վերակազմելու համար Կէպէնլեանի կենսագրութիւնը, որ գիտենք թէ հարուստ է: Պէտք է ստուգել՝ թէ ինքնակենսագրական անտիպ նոթեր կամ յուշագրութիւններ ալ թողա՞ծ է ենթական:
Մենք այստեղ կու տանք կենսագրական ուրուագիծ մը միայն, քով-քովի բերելով կցկտուր տուեալներ, այնքան՝ որքան որ կարելի եղաւ մեզի:
Սեդրակ Կէպէնլեան ծնած է Չորք-Մարզպան (Տէօրթ-Եոլ), 1887-ին:
Հայրը՝ Կարապետ աղա, երգախառն հեքիաթներ պատմելու վարպետ մը եղած է:
Ազգային-կուսակցական կեանքի իրադարձութիւններուն մէջ իր անունը խառնուած կը գտնենք 1908-ի օսմանեան Սահմանադրութենէն ետք: Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան անդամ էր:
Թափառական կեանք մը ունեցած է՝ Տէօրթ-Եոլէն Ատանա, Հալէպ ու Կիպրոս: Նուիրեալ ու երկարամեայ ուսուցիչ մըն է, սկսեալ՝ իր ծննդավայրէն:
Հալէպի «Հայ Ձայն» օրաթերթին հրատարակութիւնը իր ամէնէն ուշագրաւ նախաձեռնութիւնն է հաւանաբար: Բայց մենք 1918-ի Զինադադարէն ետք զինք կը տեսնենք Կիլիկիա վերադարձող գործիչներու առաջին խումբին մէջ: «Հայ Ձայն»-ը Հալէպէն կը տեղափոխէ Ատանա եւ աշխոյժ դեր մը կ’ունենայ այնտեղ՝ մասնակից դառնալով ազգային-քաղաքական գրեթէ բոլոր անցուդարձերուն: Կը տպէ նաեւ «Հայ Ցաւ» անունով հայատառ թրքերէն շաբաթաթերթ մը (1919), «Հայ Ձայն»-ին առընթեր: Այս թերթերը Կիլիկիոյ ազատատենչ հայութեան զգացումներուն հարազատ թարգմանն էին: Բայց որովհետեւ այնտեղ տեւաբար քննադատութեան թիրախ կը դառնային Կիլիկիոյ Ֆրանսական «հովանաւոր» իշխանութիւնները՝ իրենց վարած ոչ-հայանպաստ ու թրքամէտ քաղաքականութեան համար, ուստի՝ Կէպէնլեան անբաղձալի տարրի մը կը վերածուէր անոնց աչքին…:
Երբ Միհրան Տամատեան վերջին փորձ մը կը կատարէր՝ ազգային օճախ մը ստեղծելու Կիլիկիոյ մէջ եւ առ այդ՝ կը յայտարարէր հայ կառավարութեան մը կազմութիւնը (4 Օգոստոս 1920), Սեդրակ Կէպէնլեան այդ «դահլիճ»ին մէջ կը նշանակուէր կրթական նախարար…:
Տամատեանի փորձը շուտով կը ձախողէր սակայն: Ասպետակա՜ն Ֆրանսան, գաղտնի սիրաբանութիւններէ ետք, ի վերջոյ կը համաձայնէր ՄուսթաՖա Քեմալի հետ ու կ’որոշէր պարպել Կիլիկիան: Հայութիւնն ալ կը թողուր գազանին բաց երախին դիմաց…:
Այդ խառնակ, տագնապալի ու հիասթափեցնող օրերուն Կէպէնլեան ստիպողաբար կը հեռանայ Կիլիկիայէն ու կ’անցնի Պոլիս: Այստեղ, կը մասնակցի Ռամկավար կուսակցութեան 1921-ի սեպտեմբերեան պատգամաւորական ժողովին, որուն աւարտին՝ պիտի յայտարարուէր ՌԱԿ-ի ծնունդը՝ միացումովը Ազատական, Սահմանադիր Ռամկավար եւ Ժողովրդական կուսակցութեանց: Թէոդիկի «Ամէնուն Տարեցոյցը»-ի 1922-ի հատորին մէջ կայ խմբանկարը այդ պատմական ժողովին մասնակից 34 պատգամաւորներուն, որոնցմէ մին Կէպէնլեանն է:
Կիլիկիան կորսուա՜ծ էր, իսկ Պոլիսն ալ ապահով չէր այլեւս, որովհետեւ քեմալական շարժումը կը ծաւալէր արագօրէն, մինչ «յաղթական» դաշնակից երկիրները կը պատրաստուէին քաշել իրենց բովանդակ ուժը Վոսփորի ափերէն…:
Այս կացութեան մէջ՝ Կէպէնլեան կ’անցնէր Կիպրոս, Լառնաքա, ընտանեօք: Կը մղէր ապրուստի ու հացի պայքար՝ իրեն համար օտար այդ միջավայրին մէջ: Հոս, դժբախտութիւնը կ’ունենար կորսնցնելու իր մտաւորական կինը: Այնուհետեւ կը հաստատուէր Նիկոսիա: Հակառակ բազում դժուարութիւններու, ինչպէս Հալէպ, հո՛ս ալ՝ իր տան մէջ, կը սարքէր փոքրիկ տպարան մը, աշխատելով միայնակ: Թեմական մարմինները զինք տնօրէն կը նշանակէին Մելիքեան (յետոյ կոչուած՝ Մելիքեան-Ուզունեան) ազգային վարժարանին, ուր պիտի պաշտօնավարէր երկար տարիներ, շուրջ քառորդ դար: Մինչ այդ, կը կնքէր իր երկրորդ ամուսնութիւնը՝ Պոլսոյ Դպրոցասէր Տիկնանց վարժարանի շրջանաւարտուհիներէն օրդ. Մարի Պիւլպիւլեանի հետ: Վերջին տասը տարիներուն ալ կը պաշտօնավարէր Նիկոսիոյ Թերրա Սանթա գոլէճին մէջ:
Կէպէնլեանի կիպրական կեցութիւնը պահ մը, 30-ականներու սկիզբը, կ’ընդմիջուէր իր Հալէպ գործուղումովը, կուսակցական առաքելութեամբ ու վերին յանձնարարականով: 1930-31 իրեն կը վստահուէր խմբագրութիւնը տեղւոյն «Եփրատ» օրաթերթին, որ արդէն դարձեր էր ՌԱԿ-ի Սուրիոյ շրջանակին պաշտօնաթերթը:
Կը վերադառնայ Կիպրոս: Կը շարունակէ իր կրթական աշխատանքները: Հաւատաւոր զինուորի մը պէս կ’աշխատակցի Սփիւռքի մամուլին, ազգային-գաղափարական նիւթերով: Զինք ճանչցողները վկայած են, թէ ան հմուտ եղած է յա՛տկապէս Թուրքիոյ քաղաքական իրադարձութիւններուն, որովհետեւ միշտ մօտէն հետեւած է թուրք մամուլին:
Պոսթընի «Պայքար» հանդէսի 1931-ի թիւին մէջ (այս հանդէսէն լոյս տեսած է միայն երկու թիւ՝ 1930 եւ 1931 թուակիր, Ա. Նազարի խմբագրութեամբ) Կէպէնլեան ունի անաւարտ մնացած խիստ շահեկան յուշագրութիւն մը՝ «Կիլիկեան Հայ Դէմքեր (Զինադադարի Շրջանին)» խորագրով: Այստեղ պատմած է, թէ ինչպիսի խարդաւանքներով ու երկդիմի քաղաքականութեամբ՝ Ֆրանսա ուրացաւ իր երէկուան «փոքր դաշնակից»-ը, լքեց Կիլիկիան ու զայն ոսկեայ սկուտեղի վրայ յանձնեց թուրքերուն…: Կը պատմէ հայութեան այդ օրերու իրերայաջորդ հիասթափութիւններուն մասին, վեր կ’առնէ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսի խոհական անդուլ ճիգերը, որոնք կը միտէին փրկել կորսուող Կիլիկիոյ մարդկային ու ոգեկան արժէքներուն նուազագոյնը…
Կիպրոսի մէջ Կէպէնլեանի վերջին իրագործումը կ’ըլլայ «Յենարան» շաբաթաթերթը, զոր կը տպէ ու կը հրատարակէ ի Նիկոսիա, 1959-1962, բոլորովին առանձինն:
Համեստ չափերով լրագիր մըն էր այս, երկու էջանի, զոր Կէպէնլեան կը լեցնէր միայնակ՝ իր գաղափարները սփռելու անխախտ հետեւողականութեամբ:
Լրագրութիւնը կիրք մըն էր իրեն համար: Չէր կրնար ապրիլ առանց թերթի, բեմի՛ մը պէտք ունէր, եւ «Յենարան»-ը որոշ չափով կը գոհացնէր զինք…: Ի՛նք էր թերթին խմբագիրը, ի՛նք էր գրաշարը, ի՛նք էր ցրուիչը՝ մինչեւ իր վերջին շունչը…:
Կիպրոսի մէջ Կէպէնլեան հրատարակած է թարգմանական եւ ինքնագիր քանի մը գրքոյկներ: Ասոնցմէ մէկը կը կոչուի «Օտարին Սէրը» (1949): Ասիկա անդրադարձ մըն է խառն ամուսնութիւններու բերումով յառաջացած ընտանեկան անհասկացողութեանց, ձախողութիւններու եւ դժբախտութիւններու: Ջատագովումն է հայ ընտանեկան յարկի անաղարտութեան ու տոհմային դիմագծութեան: Գրքոյկին պարունակութիւնը մաս առ մաս արտատպուած է Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթին մէջ, նոյն տարին:
Կէպէնլեան կը մահանայ 2 Դեկտեմբեր 1962-ին, Նիկոսիա, 75 տարեկանին: Կիպրահայ փոքրաթիւ գաղութին համար մեծ կորուստ մըն էր այս: Կ’արժանանայ ազգային յուղարկաւորութեան՝ Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, զինք յարգող մեծաթիւ սգակիրներու եւ աշակերտներու ներկայութեան: Իր դագաղին վերեւ դամբանական կը խօսին Տ. Վազգէն քհնյ. Սանտրունի (իր երբեմնի աշակերտներէն մին) եւ կրթական մշակ Յովհաննէս Շէօհմէլեան:
Մահուան քառասունքին՝ Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթը 13 Յունուար 1963-ի իր թիւին մէջ լրիւ էջ մը կը տրամադրէ ողբացեալին ոգեկոչումին: Այստեղ, իր մասին կ’արտայայտուին Միհրան Տէր Ստեփանեան, Ա. Յ. Մակարեան եւ եղբօրորդին՝ Հ. Կէպէնլեան:
Սեդրակ Կէպէնլեան իր ետին կը թողուր երկու զաւակ՝ մանչ մը ու աղջիկ մը:
Մանչը՝ Շահէն (ծնած՝ Ատանա), պիտի հետեւէր հօր լրագրական ոտնահետքերուն ու լրագրութիւնը դարձնէր մասնագիտական ասպարէզ՝ առաւելաբար աշխատակցելով Կիպրոսի անգլիատառ «Սայփրըս Մէյլ» թերթին: Յետոյ պաշտօնի պիտի կոչուէր անգլիական «Ռէօթըրս» լրատու գործակալութեան մէջ՝ հետզհետէ հասնելով այդ համաշխարհային հաստատութեան Ափրիկէի շրջանային տնօրէնի բարձր դիրքին: Աւելի ուշ պիտի հաստատուէր Լոնտոն, շարունակելով իր պաշտօնը, դասախօսելով համալսարանի լրագրութեան ամպիոնին մէջ ու մի՛շտ վայելելով մեծ յարգանք ու հեղինակութիւն: Կը մահանար 2007-ին, 86 տարեկանին:
Լեւոն Շառոյեան