“Երկիր Մետիա”._ 9 Նոյեմբեր 2020_ի եռակողմ յայտարարութենէն վերջ մինչեւ 01.01.2022 Արցախի Հանրապետութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող հայկական բնակավայրերուն յարակից հատուածներուն մէջ հաստատուած ատրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէն արցախահայութեան նկատմամբ կատարուած է 69 յանցագործութիւն, որոնց առնչութեամբ յարուցուած է ընդհանուր 54 քրէական գործ: Արցախի Հանրապետութեան դատախազութիւնը հրապարակած է 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութենէն մինչեւ 1 Յունուար 2022 Ատրպէյճանի կողմէն արցախահութեան դէմ ուղղուած յանցաւոր ոտձնգութիւններու մասին տեղեկութիւն: «Ընդհանուր առմամբ արձանագրուած է սպանութեան 5 յանցաւոր դէպք (քաղաքացիական անձերու սպանութեան` 3 դէպք), սպանութեան փորձի՝ 28 (որմէ 19-ը` ուղղուած զինուորականներու դէմ), ահաբեկչական գործողութեան՝ 1, հրազէնի գործադրումով գոյքի ոչնչացման՝ 16 (որմէ 10-ը` զինուորական գոյքի ոչնչացում կամ վնասում), գոյքի ոչնչացման ու վնասման փորձի՝ 5, գողութեան՝ 3, կողոպուտի՝ 2, գերեզմանները ոչնչացնելու՝ 3, խոշտանգումի՝ 4, սպանութեան սպառնալիք տալու եւ մարդու առեւանգումի՝ 1-ական դէպքեր: Սպանուած են 3 քաղաքացիական անձ եւ 10 զինուորական, սպանութեան փորձի ենթարկուած 77-ը (50 զինուորական), տարբեր աստիճանի հրազէնային վիրաւորում ստացած է 37 անձ (28 զինուորական), ֆիզիքական բռնութեան ենթարկուած 8-ը, սպանութեան սպառնալիքի` 2-ը: Արցախցիներու սեփականութեան իրաւունքին դէմ ուղղուած յանցաւոր ոտնձգութիւններու հետեւանքով յափշտակութեամբ (գաղտնի եւ բացայայտ) ֆիզիքական անձերու պատճառուած է 17.710.000 դրամի գոյքային վնաս (յափշտակուած են խոշոր եղջերաւոր անասուններ եւ մէկ երթեւեկային միջոց): Գոյքի դիտաւորեալ ոչնչացումի կամ վնասումի ուղղուած յանցաւոր դիտաւորութեան իրագործումին հետեւանքով խոցուած կամ թիրախաւորուած է 9 բնակելի տուն, 3 գիւղատնտեսական գործիք, 9 երթեւեկի միջոց (7-ը` զինուորական), շինարարական 2 գործիք, հրկիզուած է 3 այգի ու ցանքատարածք, հրազէնի գործադրումով հեռահար թիրախաւորուած է խոշոր եղջերաւոր անասուններու 1 խմբաքանակ, պատճառուած է առանձնապէս խոշոր չափերու գոյքային վնաս: Թուարկուած դէպքերէն բացի, Նոյեմբեր 2020_էն առ այսօր Ստեփանակերտ քաղաքի, Ասկերանի, Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններու գիւղերու մօտ հաստատուած ատրպէյճանական դիրքերէն պարբերաբար տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն կրակոցներ արձակուած են մօտակայ հայկական բնակավայրերու ուղղութեամբ կամ օդ, որուն հետեւանքով յաճախ գնդակները թափած են բնակարաններու տանիքներուն կամ բակերուն մէջ , խոցելով բնակելի տուներու եւ այլ շինութիւններու պատերը: Ներկայացուած տուեալները կը փաստեն, որ եռակողմ յայտարարութենէն վերջ Ատրպէյճան պարբերաբար խախտած է «Յայտարարութեան» 1-ին կէտին մէջ նշուած` «կրակի ու զինուորական գործողութիւններու լիակատար դադրեցումի» պայմանը, որուն հետեւանքով սպանուած են մարդիկ, խախտուած եւ ճնշուած են մարդու գոյութեան ու ապրելու համար անհրաժեշտ պարզագոյն իրաւունքներ: Ատրպէյճանի ահաբեկչական ու ցեղասպան գործողութիւններու ընդարձակումը զսպող գործօններ կը շարունակեն դարձեալ մնալ հայ զինուորը եւ ռուսական խաղաղապահ ուժերը», յիշուած է հաղորդագրութեան մէջ: