Հասիչէի մէջ օրեր առաջ ՏԱՀԵՇ-ը Ղուէյրան թաղամասի «Սինաա» բանտին մէջ, ուր ձերբակալուած էին ՏԱՀԵՇ-ի հազարաւոր զինեալներ, մեծ պայթում մը իրագործեց, որուն հետեւանքով բանտարկեալներէն մաս մը փախուստ տուաւ բանտէն ապաստանելով շրջանի տեղացիներուն բնակարանները եւ սպառնալով անոնց, ինչպէս նաեւ յարակից ենթակառոյցներու մէջ։ ՏԱՀԵՇի բանտարկեալներէն մաս մըն ալ գրաւեց բանտը։
Միւս կողմէ, տեղւոյն ՔԱՍԱՏ-ի ուժերը պաշարեցին Ղուէյրան թաղամասն ու բանտին շրջակայքը, փորձելով վերագրաւել բանտը եւ հալածել փախուստ տուած բանտարկեալները։ ԱՄՆ օդանաւերը եւս օրերէ ի վեր կը ռմբակոծեն բանտն ու անոր շրջակայքը։
Բուռն բախումներ տեղի կ՚ունենան ՔԱՍԱՏ-ի եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն միջեւ։
 
Հասիչէի եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Արմէն Նալպանտեան «Գանձասար»ին ներկայացնելով կացութիւնը յայտնեց, որ քաղաքին մէջ երթեւեկութիւնը արգիլուած է, ամէն տեղ փակ է։
Հայերու բնակարանները հեռու են բախումնային շրջանէն եւ առայժմ ապահով վիճակի մէջ են։ Նալպանտեան կապ հաստատած է տեղւոյն ընտանիքներուն հետ, որպէսզի որեւէ օգնութեան կարիք ըլլալու պարագային միջոցներ ձեռնարկուին։
 
Անոր համաձայն, ակումբը, դպրոցն ու եկեղեցին մինչեւ օրս ապահով վիճակի մէջ են, սակայն քաղաքի ներկայ կացութիւնը խիստ մտահոգիչ է։
 
Նալպանտեան կապ հաստատած է նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի հետ, ներկայացնելով կացութիւնը։
 
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան համաձայն Ղուէյրան եւ Զհուր թաղամասերէն շուրջ 2600 տեղացի ընտանիքներ լքած են իրենց բնակարանները՝ ուղղուելով քաղաքի կեդրոնը։ Սուրիական բանակը ապահով միջանցքներ բացած է անոնց դիմաց եւ Սուրիական Կարմիր Մահիկ Կազմակերպութեան օգնութեամբ ժամանակաւոր, ապահով կացարաններ, դեղորայք եւ սնունդ կ՚ապահովէ տեղահանուածներուն։
 
Յիշենք, որ 20 Յունուարին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներ երկու ականապատուած մեքենաներ պայթեցուցին Հասիչէի Ղուէյրան թաղամասի «Սինաա» բանտին հարաւային մուտքին։ Բանտը կը գտնուէր ՔԱՍԱՏ-ի վերահսկողութեան տակ։