Երկուշաբթի, 24 Յունուար 2022-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի Մասքաթի մէջ իր օմանցի պաշտօնակից Պատր պըն Համատ Պուսաաիտիի հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Կը փափաքինք, որ բարենպաստ պայմաններ ապահովուին եւ Սուրիան վերադառնայ արաբական շրջանակ, Արաբական Լիկայ, դառնալով արաբական ազգային անվտանգութեան սատարող երկիր»։ Շուքրի աւելցուց, որ Եգիպտոս արաբական երկիրներուն հետ կը խորհրդակցի Սուրիոյ Արաբական Լիկայ վերադարձը փութացնելու՝ նախքան Ալճերիոյ մէջ կայանալիք Արաբական Լիկայի խորհրդաժողովը։