Սիրելի’ հայրենակիցներ,
 
Հայոց Բանակը երեսուն տարեկան է։ Մեր բանակի ծնունդը ժամանակի հրամայականն էր․ անիկա ձեւաւորուեցաւ ազատագրական պայքարի բովին մէջ, կոփուեցաւ ու կայացաւ՝ պաշտպանելով մեր նորանկախ պետականութիւնը, երաշխաւորելով մեր անվտանգութիւնն ու արձանագրելով յաղթանակներ։
 
Անցնող երեսուն տարիներուն մեր բանակը վայելած է համայն հայութեան սէրն ու ակնածանքը, արժանապատուութեամբ ու հպարտութեամբ ամրացուցած է մեր հաւաքական ոգին։
 
Սիրելի’ հայրենակիցներ,
 
Հայոց բանակը, ըլլալով մեր անկախ պետականութեան անբաժան մասը, կ’անցնի փորձութիւններէ, կը դիմագրաւէ ծանր մարտահրաւէրներ։ Մեր պետութեան խոցուած մէջքը անկարելի է շտկել առանց կազմակերպուած ու մարտունակ բանակի։
 
Մենք կը հաւատանք, որ միասին պիտի վերակերտենք մեր բանակին ոգին ու մարտունակութիւնը, արժանապատիւ խաղաղութիւն պիտի հաստատենք մեր հայրենիքին մէջ, անառիկ պիտի պահենք մեր սահմանը։ Մենք պարտական ենք իրենց արեամբ մեր հողը սրբացուցած հայ զինուորին, հայոց մայրերուն եւ պատասխանատու սերունդներուն առջեւ։ Հայոց պետականութեան զօրացումին պիտի լծուինք ազգովին, միասնական կամքով ու վճռականութեամբ։
 
Տօնդ շնորհաւոր, Հայոց Բանակ։ Փա’ռք մեր հերոսներուն, հայ սպային, հայ զինուորին։ Մենք միասին պիտի կերտենք նոր հաղթանակներ։
 
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» Դաշինք