“Երկիր”- Ատրպէյճան կը շարունակէ թոյլ չտալ հայ ուխտաւորները՝ այցելելու Դադիվանք. հինգ հայ հոգեւորականներ կը շարունակեն մնալ վանքին մէջ՝ մօտակայ շրջանին հաստատուած հայ ռուս խաղաղապահներուն հետ։ Այս մասին յայտնած է Միջազգային քրիստոնէական միութեան կայքը։
 
Վանականները ամիսներ շարունակ խաղաղապահներու ներկայութեան կը կատարէին իրենց ծէսերն ու աղօթքը։ Արցախի թեմի ներկայացուցիչ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան մեկնաբանած է, որ անհասկնալի է, թէ ինչո՛ւ Ատրպէյճան կը շարունակէ արգիլել այցելութիւնները վանք, որովհետեւ անիկա արգիլուած տարածքի մէջ չէ։ «Ատրպէյճանցիները, առանց պատճառի, թոյլ չեն տար այցելել վանք: Անոնք ոչինչ կ’ըսեն։ Խաղաղապահները կը գտնուին վանքի տարածքին մէջ», ըսած է ան: