Ուրբաթ, 28 Յունուար 2022-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Հայոց Բանակի օրուան առիթով, ազգային պատուիրակութեամբ շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբին:
 
Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը ջերմապէս դիմաւորուեցան Մարդասիրական Առաքելութեան խումբի հրամանատար գնդապետ Արմէն Աւագեանի, մարդասիրական խումբի ականազերծողներուն եւ բժիշկներուն կողմէ:
 
Հանդիպումը բացուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով։ Գնդապետ Արմէն Աւագեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ Հայոց Բանակի օրուան առիթով շնորհաւորեց մարդասիրական առաքելութեան խումբը։
 
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ այս օրը հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ հպարտութեան օր է։
«Հայոց Բանակի օրը յիշատակել կը նշանակէ յիշել մեր յաղթանակները, շարունակելով մեր պայքարը։ Հայոց Բանակը կը պայքարի հայրենիքը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ սփիւռքը հայկական գաղութներէն ներս կը պայքարի հայրենիքը եւ մեր ազգային-եկեղեցական արժէքները պահպանելու համար», հաստատեց Սրբազան Հայրը։
 
Մասիս եպիսկոպոս շեշտեց, թէ Հայոց Բանակը երաշխիքն է հայրենիքի մէջ ապահովութեան եւ խաղաղութեան հաստատման։
 
Սրբազան Հայրը, Բերիոյ Հայոց Թեմի անունով շնորհաւորեց մարդասիրական առաքելութեան խումբի մասնագէտները, գնահատեց Սուրիոյ մէջ անոնց տարած մարդասիրական ծառայութիւնը եւ մաղթեց, որ մեր հայրենիքին՝ Հայաստանին ու Արցախին անվտանգութիւնը ապահովող հայոց բանակը միշտ հզօր եւ կանգուն մնայ։