Ամերիկեան յայտնի Wall Street Journal թերթը առանձին յօդուածով անդրադարձած է ԱՄՆ-ի վարչակազմին կողմէ Թուրքիոյ F-16 կործանիչներ վաճառելու մտադրութեան «ճակատագրին»:
Վերլուծաբաններու կարծիքով, այս գործարքը իրականանալու պարագային կը լուծուին ՆԱԹՕ-ի շրջագիծին մէջ 2 դաշնակից պետութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած կնճռոտ հարցերը՝ ինչ կը վերաբերի Անգարայի կողմէ ռուսական Ս-400 ՀՕՊ համակարգեր գնելու եւ Ուաշինկթընի նախաձեռնութեամբ Թուրքիոյ F-35 5-րդ սերունդի կործանիչներու արտադրութեան միատեղ նախագիծէն հեռացնելու ծրագիրներուն: