Երկուշաբթի, 31 Յունուար 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց Օմանի Սուլթանութեան արտաքին գործոց նախարար Պատր պըն Համատ Պուսաաիտի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։ Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներուն եզակի յարաբերութեան եւ գործակցութեան շուրջ։ Անոնք շեշտեցին, որ Սուրիոյ եւ Օմանի գործակցութիւնը պիտի շարունակուի եւ զարգանայ՝ ի նպաստ երկու երկիրներուն եւ արաբական տարածաշրջանին։ Կողմերը խորհրդակցեցան նաեւ արաբական եւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն շուրջ, ուր Ասատ շեշտեց, որ Սուրիա եւ Օման համակարծիք են շատ մը հարցերու նկատմամբ։ Ան բարձր գնահատեց Օմանի սկզբունքային քաղաքականութիւնը եւ աջակից կեցուածքը Սուրիոյ ժողովուրդին հանդէպ։ Նախագահ Ասատ աւելցուց. «Կարծիքովս, մենք որպէս արաբական երկիրներ խիստ կարիք ունինք քաղաքական մեր յարաբերութիւններուն սկզբունքները ճշդելու եւ տրամաբանական երկխօսութիւններու ձեռնարկելու, ի նպաստ արաբական ժողովուրդին» ։Ան շեշտեց, որ արաբական՝ միջավայրի զարգացումներուն հետ վերաբերիլը բարեփոխումներ կը պահանջէ քաղաքական մօտեցումին մէջ։ Իր կարգին Օմանցի նախարարը Օմանի Սուլթան Հայսամ պըն Թարէքի ողջոյնները փոխանցեց Նախագահ Ասատին, շեշտելով, որ Սուրիան արաբական աշխարհին մէջ ունի իր կարեւոր դիրքը, եւ կարելի է Սուրիոյ վստահիլ անոր արաբական մակարդկով այլազան հարցերու լուծման համար։