Երեքշաբթի, 1 Փետրուար 2022-ին, Սուրիոյ ներքին առեւտուրի եւ սպառողի պաշտպանութեան նախարար դոկտ. Ամր Սալէմ ՍԱՆԱ-ի թղթակիցին յայտնեց, որ «խելացի քարտ»ին ճամբով հասնող ծառայութիւններէն քաղաքացիներու որոշ համեմատութեան զերծ կացուցուիլը հիմնուած էր անոնց տնտեսական կարելիութիւններուն վրայ։ Այնուամենայնիւ, նախարարը շեշտեց, որ անոնք կրնան օգտուիլ այդ ծառայութիւններէն ազատ շուկայի գիներով ստանալով զանոնք, իսկ կառավարութեան ներկայացուած գանգատները նկատի պիտի առնուին եւ անգամ մը եւս սերտողութեան պիտի ենթարկուին վերոնշեալ քաղաքացիներու իրավիճակը: Նախարարը շեշտեց, որ ճիշդ չէ շրջանառուող այն լուրը, թէ կառավարութիւնը հանգրուանաբար չեղեալ պիտի համարէ «խելացի քարտ»ի օգտագործման դրութիւնը: «Ան որ կարիք ունի օժանդակութեան, պիտի ստանայ այդ քարտին ճամբով», եզրափակեց նախարարը։