Շաբաթ, 29 Յունուար 2022-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան իր մասնակցութիւնը բերաւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու միջեկեղեցական հերթական ժողովին, հիւրընկալութեամբ՝ Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Հալէպի նորընտիր Առաջնորդ Աֆրամ Մաալուլիի, Յոյն ուղղափառ համայնքի Առաջնորդարանէն ներս: Սրբազան հօր կ’ընկերակցէր Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան:
Ժողովականները շնորհաւորեցին Յոյն կաթողիկէ համայնքի նորընտիր Առաջնորդ Ճորճ Մասրին եւ Յոյն ուղղափառ համայնքի նորընտիր Առաջնորդ Աֆրամ Մաալուլին:
Ժողովը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու օրակարգային կարգ մը հարցերու, անոնց շուրջ քննարկումներ կատարելու եւ յարմարաւէտ որոշումներ գոյացնելու: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ եկեղեցիներու միութեան նուիրուած աղօթքի շաբթուան արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ հիւրընկալութեամբ Յոյն կաթողիկէ համայնքին:
Ժողովի աւարտին, հիւրընկալ առաջնորդը ի պատիւ համայնքապետներուն՝ սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբեց բոլորը: