Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս շարժապատկերի սիրահարները անհամբեր կը սպասեն 2022-ի շարժապատկերներու ցուցադրութեան։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այս տարուան ֆիլմերուն ցանկը: Այս ցանկէն կ’ակնկալուի «2022 տարուան ֆիլմ» կոչումին արժանացող շարժապատկերի ընտրութիւնը:
1-Scream
Ժանր: Առեղծուածային, սարսափազդու։
Նիւթ: 25 տարի շարունակուող շարք մը  ոճրագործութիւնններէ ետք ի յայտ կու գայ նոր
մարդասպան մը եւ Սիտնի պէտք է վերադառնայ իր ծննդավայրը, իրականութիւնը բացայայտելու համար։
Բեմադրիչ: Մէթ Պեթինըլլի Օլբին, Թայլըր Ճիլլէթ։
Գլխաւոր դերասաններ։ Նիւ Գամբպէլ, Քըրթնի Գոգս, Տէյվիտ Արքէ։
2- Moonfall
ժանր: Արկածախնդրական։
Նիւթ: Աշխարհը ոչնչացման եզրին է, Ռոլանտ Էմերիխը (ՆԱՍԱ-ի գործադիր տնօրէն), տիեզերագնաց մը եւ դաւադիր մը կը ճամբորդեն դէպի տիեզերք՝ կասեցնելու համար Լուսնի եւ երկրի բախումը:
Բեմադրիչ: Ռոլանտ էմմըրիչ
գլխաւոր Դերասաններ։ Հալլի Պէրրի, Փաթրիք Ուիլսըն, Ճոն Պրատլի:
3-Death on the Nile
ժանր: Առեղծուածային, ոճրային։
Նիւթ: Յայտնի հետախոյզ Հերքիւլ Փուարօ կը փորձէ բացայայտել մեծ հարստութիւն
ժառանգած կնոջ սպանութեան առեղծուածը, որ կը գտնուէր հսկայ ու շքեղ շոգենաւի մը վրայ։ Շոգենաւին վրայ կը գտնուէին նաեւ VIP անձնաւորութիւններ, որոնք ամրան արձակուրդին կը հանգստանային Նեղոս գետին վրայ:
Բեմադրիչ: Քէնէթ Պրանահ
Գլխաւոր Դերասաններ։ Քէնէթ Պրանահ, Կալ Կատոթ, Թոմ Պէյթման, Արմի Համմըր, Ռոզ Լեսլի, Էմմա Մաքէյ։
4- Kimi
Ժանր: Ոճրային
Նիւթ։ Բարձր տեղերու ֆոպիա ունեցող աղջիկ մը կը յայտնաբերէ սպանութեան ապացոյցներ եւ այդ պատճառով  յանցագործին թիրախը կը դառնայ:
Բեմադրիչ: Սթեֆան Սոտըրպէրկ։
Գլխաւոր դերասաններ: Զոյի Գրավից, Ռիթա Ուիլսըն, էրիքա Քրիսդնսըն։
5-Uncharted
ժանր: Արկածախնդրական։
Նիւթ: Արկածախնդիր երկու գործընկերներ  կը ջանան գտնել կորսուած գանձը եւ միաժամանակ հետքերուն հետեւելով կը փորձեն գտնել իրենցմէ մէկուն երկար ատենէ ի վեր կորսուած եղբայրը։
Բեմադրիչ: Ռուպըն Ֆլայչըր։
Գլխաւոր դերասաններ: Թոմ Հոլլանտ, Մարք Վալպըրկ, Սոֆիա Ալի, Անթոնիօ Պանտերաս։
6-The Batman
Ժանր։ ոճրային, տրամա
Նիւթ։ Կոթըմ քաղաքին մէջ, երկրորդ տարին ըլլալով Պաթմանը կը պայքարի  մարդկային արդարութեան համար եւ մարդասպանի մը հետ դէմ յանդիման կը գտնուի։
Բեմադրիչ։ Մէթ Ռիվս
Գլխաւոր դերասաններ։ Ռոպէրթ Փաթինսոն, Զոյի Գրավից, Փօլ Տանօ, Ճէֆըրի Րայթ։
7- The lost City
Ժանր: Արկածախնդրական, ծիծաղաշարժ
Նիւթ:  Ռոմանթիք վէպեր գրող՝ Լորեդա  կը նկարագրէ իր նոր գիրքի ծանօթացման շրջագայութիւնը գեղադէմ Ալանի հետ: Լորեդայի շրջագայութեան ընթացքին միլիառատէր մը կ’առեւանգէ զինք, որ կ’ուզէր  գտնել հին քաղաքին կորսուած գանձը: Ալան կը փորձէ ազատել Լորիդան:
Բեմադրիչ: Արոն Նի, Ատամ Նի։
Գլխաւոր դերասաններ: Սանտրա Պուլլոք, Պրատ Բիթ, Տանիէլ Ռէտքլիֆ, Շանինկ Թաթում։
8- Morbius
Ժանր։ Արկածախնդրական, տրամա։
Նիւթ։ Քիմիագէտ Մայքըլ Մորպիւս կը փորձէ ինքզինք բուժել  արեան հազուագիւտ հիւանդութենէ  մը, սակայն իր գործած սխալին հետեւանքով  կը դառնայ արիւնարբու։
Բեմադրիչ։ Տանիէլ Էսբինոսա։
Գլխաւոր դերասաններ։ Ճարտ Լեդօ, Ատրիա Արիոնա, Ճարըտ Հարիս, Մայքլ Քիդոն։
9- The Northman
Ժանր։ Արկածախնդրական, տրամա։
Նիւթ։ Այսլանտի մէջ, Ժ. դարու սկիզբը, վայքինկ իշխան մը իր հօր սպանութեան վրէժը կը ձգտի լուծել եւ արդարութիւն հաստատել։
Բեմադրիչ։ Ռոպէրթ  Իճըրս։
Գլխաւոր դերասաններ։ Ալեքսանտր Սկարսկարտ, Նիքոլ Քիտման, Անիա Թայլըր Ճոյ, Ուիլիըմ Տաւօ, Իդան Հոք։
10-Fantastic Beasts: The Secrets of Dumbledore
Ժանր։ Արկածախնդրական։
Նիւթ: «Ֆանդասդիկ Գազաններ եւ ուր գըտնել զանոնք» շարքի երրորդ մասն է, ուր կը դիտենք Նյութ Սքամանտմորի նոր արկածախնդրութիւնները  հրէշներու հետ  կախարդական աշխահին մէջ:
Բեմադրիչ: Տէյվիտ Եթս։
Գլխաւոր դերասաններ։ էտի Ռէտմէյըն, Ճուտ Լաու, Էզրա Միլըր, Ճեսիքա Ուիլիըմս, Քաթրին Ուաթըրսըն, Մէտս Միլքլսըն:
Յաջորդին կ’անդրադառնանք հայկական շարժապատկերներու:
Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան