Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտուլլահիանին 9 Փետրուարին նշուող ՀՀ եւ ԻԻՀ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով։ Իր ուղերձին մէջ նախարար Միրզոյեան յատկապէս յայտնած է, որ հայ-իրանական յարաբերութիւնները կը նշանաւորուին փոխադարձ յարգանքի եւ բազմադարեայ պատմութեան վրայ խարսխուած, տարբեր փորձութիւններու բարդ ու դժուարին ուղիներով կոփուած սերտ եւ անխախտ գործակցութեամբ։ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը վստահութիւն յայտնած է, որ արդիւնաւէտ փոխգործակցութեամբ երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւնները աւելի կ’ամրապնդուին՝ ի նպաստ երկու երկիրներու ժողովուրդներու բարօրութեան եւ տարածաշրջանային յարատեւ խաղաղութեան։