ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան իր դիմատետրի էջին վրայ գրած է. “Յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը վտանգուած են, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան թիւ մէկ առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ իր տարածքի ամբողջականութիւնը երաշխաւորելը եւ թշնամական պետութեան կողմէ որդեգրուած հակահայկական քաղաքականութեան եւ անոր իրագործման կանխելը։ Իմ գործընկերներ Արամ Վարդեւանեանի ու Աղուան Վարդանեանին հետ հանդէս կու գանք նոր օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ։ Մենք կ’առաջարկենք քրէականացնել «Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուղղուած հրապարակային արտայայտութիւնները, նշեալ յանցանքի կատարումը հրապարակայնօրէն արդարացնելը կամ քարոզելը»: Վերը նշուած յանցանքներուն համար կ’առաջարկենք տուգանք՝ նուազագույն աշխատավարձի հազարապատիկէն երկուհազարապատիկի չափով, կամ բանտարկութիւն՝ երկուքէն չորս տարի ժամկէտով, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութենէն հրաժարելուն կամ այն սահմանափակելուն ուղղուած հրապարակային արտայայտութիւնները, նշուած յանցանքի կատարումը հրապարակայնօրէն արդարացնելու կամ քարոզելու համար սահմանել տուգանքով՝ նուազագոյն աշխատավարձի երկուհազարապատիկէն երեքհազարապատիկի չափով, կամ կամ բանտարկութեամբ՝ երեքէն հինգ տարի ժամկէտով: Քրէական օրէնսգիրքի մէջ նախագիծով ներկայացուած համապատասխան արարքներու ճշգրտումը եւ քրէականացումը կը նպաստէ նմանատիպ արարքներու պարտադրուած կամ նոյնիսկ կամաւոր դրսեւորումի կանխարգիլումը”։