Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ, Բարեկենդանի աւանդոյթներուն մէջ գոյութիւն ունէին երեք տիկնիկներ՝ Ուտիս տատիկը, Պաս պապիկը կամ Ակլատիզը, որոնք խորհրդանշական տեղ կը գրաւէին Բարեկենդանի տօնակատարութիւններուն մէջ:
Ուտիս տատիկը կը համարուէր  ճոխ կերակուրներ հովանաւորող տիկինը, որ հրապարակ իջնելով, մարդոց խրախճանքի կը հրաւիրէր:
Ուտիս տատիկը Բարեկենդանի օրերուն բոլորը կերուխումի կը հրաւիրէր:Իսկ Բուն Բարեկենդանին, Ուտիս տատիկը հանդիսաւոր կերպով կը գլորէին սարի բարձունքէն դէպի վար:
Հրապարակ կը հանէին Պաս պապիկը կամ Ակլատիզը, որ Պահքի հովանաւոր տիկնիկն էր: Այս մէկը կը պատրա

ստէին սոխով կամ գետնախնձորով, մէջը կը խրէին եօթը փետուր, ապա անոր հագուստը կը դասաւորէին ու զինք տան առաստաղէն կը կախէին երգելով……..
«Տատը գնաց շերեփը ձեռքին,
Պապը եկաւ չոմբախն ուսին»:
Ակլատիզը կը պատրաստուէր ընդհանրապէս ծերունիի տեսքով: Ան կ’ունենար փարթամ, սպիտակ մօրուք եւ հագուստ՝ երկարած թեւերով, որոնցմէ քարեր կը կախէին:
 Երբ քարերը կախէին, մանուկները կ’երգէին.
«Ակլատիզ, վրանը վիզ
Եկաւ մեզ հիւր՝ կախուաւ երդիքիս»:
Եօթը փետուրները կը խորհրդանշէին Մեծ Պահքի 7 շաբաթները:
Իւրաքանչիւր շաբթուան  վերջը կը պոկէին մէկ փետուր: Փետուրը պոկելու արարողութեան կ’ուղեկցէին յատուկ երգեր:
Իւրաքանչիւր փետուր հանելէ ետք կ’երգէին.
«Ճիճու ճիճուարա՜նք դուրս,
Ցորեն, գարին՝ ներս»:
Այս խօսքերը արտասանելէ ետք փետուրը կը կտրտէին եւ մէկ կողմ կը նետէին:
Ակլատիզը կը կատարէր Մեծ Պահքի հսկիչին դերը, Ակլատիզով յաճախ կը վախցնէին մանուկները:
Կարգ մը մարզերու մէջ՝ Պաս պապիկը մեծ շերեփով կը հարուածէր Ուտիս տատիկին, տունէն դուրս կը վտարէր զինք, այն պատրուակով, որ ան պահքի շրջանին մանուկներուն իւղոտ եւ մսոտ կերակուրներ կը պատրաստէ:
Իսկ Մեծ Պահքէն ետք ուրախ եւ առոյգ տատիկը կը վերադառնար եւ մածունի իւղոտ շերեփով կը հարուածէր Պաս պապիկին գլխուն, այս անգամ զինք դուրս վտարելով տունէն:
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐ 
Բարեկենդանին կը պատրաստէին թատերական ներկայացումներ՝ ծիծաղաշարժ կատակներով քննադատութեան կ’ենթարկէին մեծաւորները եւ իշխանութիւնը: Ամէն մարդ առանց վերապահութեան կ’արտայայտէր իր միտքը, մէկ կողմ դնելով պետական կամ եկեղեցական կանոնները: Կը պատրաստէին դրօշներ եւ զինանշաններ:
Յաճախ կը կատարէին նաեւ կենցաղային նիւթերով թատերախաղեր: Օրինակ՝ «Խնամախօս» ներկայացումը Մարաշի մէջ:
Կիները բահը կ’անցընէին կնոջ կամ նորահարսի հագուստին: Անոր գլուխը կը ծածկէին զանազան քողերով ու ծածկոցներով:
Նորահարսը կը պտտէր գիւղի ամբողջ թաղերը, ետքը բակին մէջ կը կանգնէր եւ մինչեւ երեկոյ գիւղացիները իր շուրջը կը պարէին:
ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՈՒՏԵՍՏ
Բարեկենդանի առաջին օրը ընդունուած էր գաթայ ու հալվա պատրաստել:
Երեկոյեան  կ’ուտէին կաթնապուր եւ մածուն: Նախապատուութիւնը տրուած էր ձաւարով կամ համեմունքներով  խորոված ոչխարին:
Բուն  բարեկենդանի երեկոյեան սովորութիւն էր խաշուած հաւկիթ ուտել եւ այդպիսով խրախճանքը փակել:
«Մեր բերանները կը փակենք սպիտակ հաւկիթով,
Աստուած արժանացնէ կարմիր հաւկիթով բանալու զանոնք»:
ՏՕՆԸ
Հրապարակի մէջ կը կազմակերպէին տարատեսակ խաղեր, պարեր, թատերական ներկայացումներ՝ դիմակահանդէսներ:
Բարեկենդանը, ամէն բանէ առաջ, ազատութեան օր էր:
Բուն Բարեկենդանին յաջորդ օրը, ժամերգութեան ընթացքին, եկեղեցւոյ խորանին վարագոյրը կը գոցուի եւ խորանը կը ծածկուի մինչեւ քառասունօրեայ  պահքի աւարտը:
Այս ժամանակ կը մատուցուի փակ պատարագ, Ս. Պսակի արարողութիւններ տեղի չեն ունենար, կ’արգիլուի նաեւ մատաղ կատարելը:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան