“Ապառաժ”._13 Փետրուարին ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած են Արցախեան եւ Հայրենական պատերազմներու զոհերու յիշատակին։ Արցախեան պատերազմներուն անմահացած հերոսներու շիրիմներու այցելութիւնը կազմակերպուած էր Արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարի՝ Ղարաբաղեան շարժումի 34-րդ տարեդարձին նուիրուած նախաձեռնութիւններու կազմակերպութեան պետական յանձնաժողովին կողմէ: Այցելութեան մասնակցած էին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, ԱՀ ԱԺ խումբ մը պատգամաւորներ, պետական այրեր: