ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի Ծերակոյտը ընդունած է Հայաստանի Սիւնիքի մարզին հետ քոյր-նահանգ/մարզ գործակցութիւն հաստատելու բանաձեւը։ Այս բանաձեւով Քալիֆորնիան համերաշխութիւն կը յայտնէ Հայաստանի հարաւային մարզին` Սիւնիքին: Սոյն նախաձեռնութիւնը պիտի նպաստէ երկու վարչական միաւորներու կրթական, տնտեսական եւ մշակութային փոխշահաւէտ գործակցութեան: Կը նշուի, որ Հայաստանն ու Միացեալ Նահանգները կապուած են պատմական, ժողովրդավարութեան, ազատութեան եւ բարգաւաճման ընդհանուր արժէքներուն, եւ այս բանաձեւին ընդունումը կը վերահաստատէ այդ փաստը: Քալիֆորնիոյ նահանգի ներկայացուցիչ Քրիս Հոլտըն յայտնած է, որ Սիւնիքի մարզին հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումը կը կատարուի, երբ տարածաշրջանային ուժերը` Ատրպէյճան ու Թուրքիան վտանգ կը ներկայացնեն մարզին գոյութեան ու կենսապահովման: «Այս բանաձեւը կը վերահաստատէ Քալիֆորնիոյ համերաշխութիւնը Հայաստանի եւ մեր 1 միլիոննոց ուժեղ հայ համայնքին հետ: Այսօր մենք երկարատեւ կապեր կը ստեղծենք աւելի լաւ վաղուան օրուան համար», ըսած է ան: