Երեքշաբթի, 15 Փետրուար 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շուէկօն, որ Սուրիա այցելած էր գլխաւորելով զինուորական բարձր մակարդակի պատուիրակութիւն մը, հսկելու համար Թարթուսի նաւահանգիստէն ներս ռուսական զինուորական նաւատորմին մէջ ծովային զինուորական մարզումներուն։ Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ այլազան ոլորտներու գործակցութեան, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մասին։ Նախարար Շուէկօ վերահաստատեց, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ զօրակցիլ Սուրիոյ՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ժողովուրդին զօրավիգ պիտի կանգնի մինչեւ Սուրիոյ ամբողջական ազատագրումը, հակառակ անոր, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները հովանաւորող պետութիւնները ջանք չեն խնայեր Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական շարժումը վերաշխուժացնելու։