Երեքշաբթի, 15 Փետրուար 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ռուսական զինեալ ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի զինուորական գործողութիւններու տնօրէնութեան փոխնախարար Սթանիսլաւ Կատճիմակոմիտով դատապարտեց ԱՄՆ-ի Սուրիոյ վրայ բանեցուցած տնտեսական պատժամիջոցներու ճնշումը, շեշտելով, որ անոր հետեւանքով Սուրիոյ ժողովուրդին կենսամակարդակը վատթարացած է։ Ան յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ ԱՄՆ-ի որդեգրած «Կայսեր Օրէնք» կոչուած տնտեսական պատժամիջոցները երկրին մէջ օտար, ներառեալ ռուսական, մեծաթիւ ընկերութիւններու գործունէութիւնը կասեցուցին։ Ռուս զօրավարը աւելցնելով ըսաւ, որ օտար ընկերութիւններ զգուշանալով ամերիկեան պատժամիջոցներէն, կը խուսափին նոյնիսկ Սուրիոյ մէջ շահաբեր ծրագիրներու մասնակցելէ։ Ան շեշտեց, որ Ռուսիա խստիւ կը դատապարտէ Սուրիոյ ժողովուրդի կենսամակարդակը խոցող արեւմուտքի տնտեսական պատժամիջոցները։ Աւելցնենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նախապէս յայտարարած էր, թէ օտար շարք մը ընկերութիւններ կը խուսափին Սուրիոյ հետ տնտեսական ձեռնարկութիւններէ, որովհետեւ կը զգուշանան ամերիկեան «Կայսեր Օրէնք»ին հետեւանքներէն։