Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան կազմակերպութեամբ, 15 Փետրուար 2022, Երեքշաբթի երեկոյեան կայացաւ Ա. Զեկուցական Ժողովը, որուն իրենց մասնակցութինը բերին Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկի, «Լեւոն Շանթ» թատերական, «Բ. Կանաչեան» երաժշտական դպրոցի, «Զուարթնոց» երգչախմբային միաւորներու և Ն. Աղբալեան մասնաճիւղի վարչութիւններն ու հաշուեքննիչ մարմինը։
 
Շրջ. Վարչութեան ատենապետ ընկհ. Մարալ Տիքպիքեան բարի գալուստի խօսքով բացուած յայտարարեց ժողովը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր այս շրջանին։
Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց Շրջ. Վարչութեան անցնող երկամսեայ աշխատանքները և յառաջիկայ երկամեայ ծրագիրը։
Ապա, խօսքը փոխանցեց վարչութիւններուն։ Ժողովը լսեց իւրաքանչիւրին ծրագիրը, մտահոգութիւններն ու առաջարկները և հաշուեքննիչ մարմնի թելադրութիւնները` հաշուապահական ճիշդ հիմունքներով և միատեսակ ծրագիրով առաջնորդուելու։
Աւարտին, մտերմիկ և հաճելի մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։