Բարեկենդանի ամենաբնորոշ յատկանիշներէն է դիմակաւորումը: Բարեկենդանին ծպտուելու, կերպարանափոխուելու մասին գոյութիւն ունին շարք մը տեղեկութիւններ:
Դիմակաւորումը՝ որպէս ծէսի բաղադրամաս, կը կապուի նախնեաց պաշտամունքին հետ:
Հայկական Բարեկենդանը ունեցած է իւրօրինակ Ձմեռ Պապ: Վ.Վ. Տէր Մինասեան կը յիշատակէ Ս.Սահակ Պարթեւի տօնին տուները շրջող եւ օրհնող Մենծ-Պապուկը: Մենծ-Պապուկի ժամանումը կ’ազդարարէր Բարեկենդանի սկիզբը:
Ա.Արք. Մանուկեանը նոյնպէս կը յիշատակէ Բարեկենդանին եկող Պարթեւ-Մենծ Պապուկը, որ կու գար գթակը գլխուն, գաւազանը ձեռքին, ոչխարի մորթ հագած: Ան կը մօտենար գինիի կարասին, իւրաքանչիւրին բաժակ մը գինի կու տար եւ  կ’ըսէր. «Եկաւ Մենծ-Պապուկը, հազար բարով մեր Բարեկենդանին»:
Դիմակաւորուած կերպարներէն է Բարեկենդանի Բուն  օրուան երեկոյեան տուները յայտնուող մէյմունը: Ջաւախքի մէջ նմանատիպ կերպարը կը կոչուէր ղադի:
Յաճախ անոր երեսին ալիւր կը քսէին, այծի մազէ հիւսուած մօրուք կը տեղադրէին դէմքին, հագուստի մէջ կը փաթթէին զինք եւ  ձեռքին երկար ձող կամ ակիշ տեղադրելով կը պտտցնէին տունէ տուն: Այցելուները կը շնորհաւորէին տանտէրերը, իսկ մէյմունը տանտիրոջմէն անպայման ընծայ մը կ’ուզէր, ստանալէն ետք միայն կը հեռանար:
Դիմակաւորման ընթացքին տղաքը յաճախ կը  հագնէին աղջիկներու հագուստ, փոքրերը՝ մեծերու, երբեմն ալ՝ ծաղրածուի։ Արտաքինը պէտք է ըստ կարելւոյն ծիծաղաշարժ ըլլար։ Դէմքերուն կ’անցընէին ծիծաղելի դիմակներ կամ կը ներկէին մուրով, ալիւրով ու ածուխով։
Նոր Նախիջեւանի դիմակաւորները հարսնքաւորներու, հոգեւորականներու, բոշաներու, զօրավարներու զանազան խումբեր կը կազմէին: Անոնք տուները կ’այցելէին, չէին խօսէր, բայց կ’երգէին եւ կը պարէին:
Դիմակահանդէսի նպատակը ուրախութիւն եւ ծիծաղ սփռելն էր: