ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ Ֆութպոլի Դաշնութիւնը Սուրիոյ հաւաքականի նոր մարզիչ նշանակեց Ղասան Մաաթուքը, որ փոխարինեց պաշտօնազուրկ եղած Թիթա Վալերիօն: Ղասան նախապէս մարզած է Դամասկոսի Ուահտէն:
– Ուրբաթ օր Հալէպի Իթթիհատ ակումբի ֆութպոլի խումբի մարզիչ Անաս Սապունին ներկայացուց իր հրաժարականը: Վարչութիւնը զինք փոխարինող նշանակեց երիտասարդական խումբի մարզիչ Մաան Ռաշէտը:
– Սուրիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հալէպի Իթթիհատը անգամ մը եւս չկրցաւ յաղթական աւարտել իր խաղը եւ  1-1 հաւասարութիւն արձանագրելով դուրս եկաւ մրցումէն։ Նոյն արդիւնքով աւարտեցաւ Աֆրինի եւ Նաուաիրի հանդիպումը: Դամասկոսի Ուահտէն 2-0 արդիւնքով զիջեցաւ Ուասպէին, իսկ Թշրինը 1-0 արդիւնքով յաղթեց Ֆթուէին: Աղիւսակի առաջին դիրքը կը գրաւէ Ուասպէն, անոր կը յաջորդէ Թշրինը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՎԱՐԱԶԴԱՏ ԼԱԼԱՅԵԱՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԾԱՆՐԱՄԱՐՏԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
 Հայաստանի ծանրամարտի հերթական առաջնութիւնը տեղի ունեցաւ  Երեւանի ողիմպիական հերթափոխի պետական մարզահամալիրին մէջ: Ներկաները մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցան  գերծանր կշիռքի ծանրորդներու մրցումներուն: Հայաստանի ախոյեան դարձաւ Վարազդատ Լալայեան, անոր յաջորդեցին Գոռ Մինասեանն ու Սիմոն Մարտիրոսեանը: Մնացեալ ծանրութեան կարգերուն ոսկի մետալի արժանացան Մաթիկ Յակոբեան (55 քկ.),  Անդրանիկ Պապէեան (61 քկ.), Գոռ Սահակեան (67 քկ), Արմէն Գրիգորեան (73 քկ), Ռաֆիկ Յարութիւնեան (81 քկ.), Յակոբ Մկրտչեան (89 քկ.), Դաւիթ Յովհաննէսէան (92 քկ.), Արսէն Մարտիրոսեան (102 քկ.) եւ Սամուէլ  Գասպարեան (109 քկ.):
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՉԵԼՍԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԿՈՒՄԲՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆ
Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Անգլիոյ Չելսին յաջողեցաւ տիրանալ աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան, աւարտական մրցումին պարտութեան մատնելով Պրազիլի Փալմըրզը՝ 2-1 արդիւնքով: Հանդիպումի առաջին կիսախաղը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով. 55-րդ վայրկեանին, Չելսիի խաղացող Լուքաքուն նշանակեց կազմին առաջին կոլը, որմէ 10 վայրկեան ետք Ռաֆայէլ Վիկան արձանագրեց հաւասարութեան կոլը: Զոյգ խումբերը յաւելեալ ժամանակաշրջանի խաղարկութեան անցան, 12-րդ վայրկեանին Չելսին տուգանային հարուածով նշանակեց յաղթանակի կոլը եւ հանդիպումը շարունակեց մինչեւ աւարտ 2-1 յաղթանակով: Նշենք, թէ Չելսի երրորդ անգլիական ակումբն է, որ կը տիրանայ աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան։ Նախապէս սոյն տիտղոսին արժանացած են Մանչեսթըր Իւնայթըտը 2008-ին եւ Լիվըրփուլը 2019-ին:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան