“Երկիր Մետիա”._ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը 21 Փետրուարին, ժամը 9:30 արտահերթ նիստ գումարած է։ Օրակարգին վրայ եղած են հետեւեալ հարցերը. 1. Քննարկել եւ եզրակացութիւն ներկայացնել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարաններու կողմէն «Շուշիի Հռչակագիր»ի վաւերացման առնչութեամբ Հայաստան խմբակցութեան կողմէն ներկայացուած ԱԺ յայտարարութեան նախագիծը, որ ընդգրկուած է 23 Փետրուարին ԱԺ արտահերթ նիստի օրակարգին։ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, նախագիծի զեկուցող Անդրանիկ Թեւանեան յայտնած է. «Շրջանառութեան մէջ դրուած յայտարարութեան նախագիծով առաջարկուած է գնահատական տալ հռչակագիրին, որովհետեւ անիկա ամբողջութեամբ ուղղուած է Հայաստանի եւ Արցախի դէմ: Եթէ 44-օրուան պատերազմի ընթացքին Թուրքիան ոչ պաշտօնապէս մասնակցեցաւ կռիւին, հիմա որեւէ սադրանքի պարագային կրնայ հանգիստ միջամտել, որովհետեւ արդէն ռազմաքաղաքական դաշինք ունի։ Հռչակագիրը նաեւ ցոյց կու տայ այդ երկիրներուն ծաւալապաշտական նկրտումները Զանգեզուրի միջանցքին հանդէպ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը դուրս կու գայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութենէն եւ կը դառնայ բացառապէս պատմաբաններու քննարկումներու նիւթ: Այս ամէնուն իշխանութիւնը պարտաւոր է արձագանգել»: Պատգամաւորին համաձայն, նախագիծի ընդունումով պետութիւնը իր պաշտօնական դիրքորոշումը յայտնած է ընդունուած հռչակագիրին նկատմամբ: «Մենք պարտաւոր ենք այս ամէնուն արձագանգել: Այդպիսիով մենք ցոյց կու տանք, որ ունինք անվտանգային կարմիր գիծեր, որոնցմէ չենք զիջիր։ Եթէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան վաւերացուցած են հռչակագիր մը, որ ակնյայտ դէմ է Հայաստանին եւ Արցախին, մենք ինչպէ՞ս կրնանք չարձագանգել», աւելցուցած է Թեւանեան։ Յիշեցնենք, որ Շուշիի հռչակագիրը ստորագրուած էր 15 Յունիս 2021-ին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Շուշի քաղաքին մէջ՝ Իլհամ Ալիեւի եւ Էրտողանի կողմէն։ Պատահական չէր ընտրուած այցելութեան օրը.15 Յունիսը տօն է Ատրպէյճանի մէջ, նշուած է «Ատրպէյճանական Ժողովուրդի Ազգային Փրկութեան Օրը»: 28 տարի առաջ այդ օրը Հեյտար Ալիեւ ընտրուեցաւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի նախագահ ու հաստատեց միահեծան իշխանութիւն: Շուշիի հռչակագիրի հիմքը կը կազմէ թուրք-ատրպէյճանական ընդհանուր օրակարգը։ Ալիեւ ըսած է, որ Շուշիի հռչակագիրը նոր մակարդակ պիտի հաղորդէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն: Հռչակագիրով նախատեսուած է ամրապնդել գործակցութիւնը Թուրքիոյ հետ զինուորական արդիւնաբերութեան եւ փոխադարձ զինուորական օգնութեան ոլորտին մէջ։ Ըստ Ալիեւի, ստորագրուած փաստաթուղթը յստակ դրոյթներ կը պարունակէ Զանգեզուրի միջանցքին առնչութեամբ եւ հիմնուած է Կարսի պատմական պայմանագիրին հիման վրայ։ Փաստաթուղթը չի շրջանցեր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը, զայն համարելով «Պատմութիւնը խեղաթիւրելու, տարածաշրջանի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը վնասելու փորձ»: Հռչակագիրի ստորագրումին մասին անցեալ ամրան ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ՝ դատապարտելի եւ սադրիչ որակելով Շուշիի մէջ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու կողմէն ստորագրուած հռչակագիրը։ ԱԳՆ-ը նշեց, որ «Ողջ բովանդակութիւնը կը թիրախաւորէ հայ ժողովուրդը։ Անիկա յստակօրէն կը մատնանշէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ 44-օրուան յարձակումով իրականացած երկու պետութիւններու դաշինքը ընդդէմ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ ցեղասպանութիւն վերապրած աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն։ Հռչակագիրին մէջ տեղ գտած «Զանգեզուրի Միջանցք» արտայայտութիւնը կը վկայէ, որ գօտեպնդուելով Արցախի ժողովուրդի դէմ իրականացուած միատեղ յարձակումով եւ զանգուածային ոճրագործութիւններու անպատժելիութենէն խրախուսուած՝ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ձեռք կը բերեն հրապարակային համաձայնութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ։ Նոյնքան մտահոգիչ է երկու պետութիւններու համաձայնութիւնը՝ պայքարելու Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին դէմ»։